image

Լիբանանի մէջ. Հանրահայտ բուսաբանի աւագ որդին զոհ՝ ծանր արկածի

  Լիբանանի մէջ. Հանրահայտ բուսաբանի աւագ որդին զոհ՝ ծանր արկածի

Լիբանանի հասարակութեան լայն շերտերուն մօտ յայտնի անուն ունեցող բուսաբան Զէյն Ալ Աթաթի որդին ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է։ 

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ «Պընթ ժպէյլ» առցանց հարթակէն։

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Ալի քանի մը օր առաջ ինքնաշարժի ծանր արկածի ենթարկուած եւ փոխադրուած էր «Քլէմանսո» հիւանդանոց, ուր եւ կորսնցուցած է իր կեանքը։

 Մեր ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ Զէյն Աթաթի անունը առաւելապէս սկսաւ հանրահայտ դառնալ վաղ 20-ականներէն սկսեալ, երբ ան հիմնեց բնական բոյսերու վաճառքով զբաղուող ցանց-ընկերութիւնը, որ նաեւ մեծ յաջողութիւն գտաւ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ։

 

 

 

  Զէյն  Ալ Աթաթ