Երէկ համացանցէն յայտնի դարձաւ, որ Լիբանանի հեռաւոր շրջաններէն՝ Աքքարի Քաուշարա գիւղին մէջ կանգնեցուած է հայութեան համար վիրաւորական հանդիսացող եւ «Յանուն Ատրպէյճանի նահատակներ»ու ընդհանուր խորագրեալ յուշակոթող մը։Բացման «հանդիսութեան» ներկայ եղած են լիբանանեան խորհրդարանի անդամներ՝ Մոհամմէտ Սըլէյման եւ Ճիմի Ժապպուր։ Եղածին վերաբերեալ հնչեցին դատապարող յայտարարութիւններ, որոնց գլխաւորը ՀՅԴ ներկայացուցիչ Պետական Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի կողմէ եղած յայտարարութիւնն էր։
Նշենք նաեւ, որ «Արեւելք»ի աղբիւրներուն հաղորդմամբ այսօր նոյնպէս Լիբանանի 3 աւանդական կուսակցութիւնները պիտի հրապարակեն դատապարտագիր մը։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Յակոբ Բագրատունիի դիմատետրի էջին վրայ հրապարակուած (արաբերէնով) եւ «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած յայտարարութիւնը։
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած գրառումով դատապարտեց Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» յիշատակին յուշարձանի կանգնեցումը` նշելով. «Անակնկալի եկանք այսօր իմանալով «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին յուշարձանին կանգնեցումը` Աքքարի Քաուաշրա աւանին մէջ, ներկայութեամբ երեսփոխաններ Մոհամետ Սլէյմանի եւ Ճիմի Ժապպուրի»:
«Յարգելով հանդերձ աւանին բնակիչները` անարգանք է լիբանանեան աւանի մը մէջ մարդկութեան հանդէպ ոճրագործներու «յիշատակին» յուշարձանի մը զետեղումը», շարունակեց երեսփոխան Բագրատունի` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ պէտք է այդ աւանը արեամբ ներկել: «Ու ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ ոմանք կ՛անտեսեն հայկական աւաններու աւերումն ու սպանութիւնները դատապարտած Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը, հայրենի հողը մղելով անմեղներու արիւնը կրել պարզապէս արիւնարբուները յարգելու անհատական հաշիւներով», աւելցուց Բագրատունի:
«Կան շատեր որոնք արժանի են յարգանքի… սակայն ոճրագործները. անոնց տեղը ամօթի կախաղաններն են», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի: