image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանեան բանակի զինուորներ մաքսանենգներու թիրախ.Կան վիրաւորներ

Լիբանանեան բանակի զինուորներ  մաքսանենգներու  թիրախ.Կան  վիրաւորներ

Լիբանանեան բանակի  զինուորներ մաքսանենգներու թիրախ դարձած են։

 Դէպքը  ըստ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին եղած է Լիբանան-Սուրիա  սահմանային  հատուած «Մարժ ալ թութ»  (Ռաշայա ուատի  շրջան) գաւառակին մէջ, ուր   սուրիացի մաքսանենգեր  ձեռնառումբ մը նետած են  շրջանի ապահովութիւնը ստանձնած բանակի կէտի մը ուղղութեամբ։

Բանակը տուած է 4  վիրաւորներ եւ  յաջողած է ձերբակալել մաքսանենգերէն մին։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այդ շրջանը կը համարուի դէպի Լիբանան մուտք գործելու ապօրինի կէտերէն մին, ուր աշխոյժ ներկայութիւն են մաքսանենգ յանցախումբեր։