image

Լիբանանցի մեծ երաժիշտ՝ Իհսան Ալ Մունզէր ոչ եւս է

Լիբանանցի մեծ երաժիշտ՝ Իհսան Ալ Մունզէր ոչ եւս է

 

 Նշենք, որ հանգուցեալ Մունզէր 75 տարեկան էր։

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանցի անուանի երաժիշտ եւ յօրինող Իհսան Ալ Մունզէր։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

 

 Մունզէրի անունը ուղղակիօրէն կը կապուի լիբանանեան երաժշտական ոսկեդար»ու վերջին հատուածին, երբ ան արժէքաւոր  յօրինումներ պատրաստած է եւ զանոնք ընծայագրած հեղինակաւոր անուններու։

Մունզէր մասնաւորաբար գործեր գրած է Լիբանանցի անուանի երգիչներ՝ Սալուա Քաթրիպին, Ժուլիա Պութրոսին եւ Մաժիտա Ալ Ռումիին եւ  ուրիշներու։

Ան սպիտակ ձեռքեր ունեցած է յատկապէս «Սթուտիո ալ ֆան» անունով յայտնի հեռատեսիլային հաղորդումին, որ կը համարուէր լիբանանեան էսթրատային արուեստի իրական «խոհանոց»ը։

 Նշենք, որ հանգուցեալ Մունզէր 75 տարեկան էր։