image

Լիբանանահայութիւնը հանդիսաւոր կերպով նշեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-րդ տարեդարձը։

Լիբանանահայութիւնը  հանդիսաւոր կերպով նշեց  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-րդ տարեդարձը։

Լիբանանահայութիւնը  հանդիսաւոր կերպով նշեց  Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 131-րդ տարեդարձը։

Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ  երէկ տեղի ունեցած  մեծ տօնակատարութեան մասին ծաւալուն թղթակցութիւն մը լոյսին տուած է։

Այս մասին վերահասու կը դառնանք Պէյրութի «Ազդակ»էն, որ  երէկ տեղի ունեցած  մեծ տօնակատարութեան մասին ծաւալուն թղթակցութիւն մը լոյսին տուած է։

 «Արեւելք» իր ընթերցողներուն կը ներկայացնէ  այդ թղթակցութեան կարեւորագոյն  հատուածները։

 Եւ այսպէս կը նշուի, որ  երէկուան միջոցառումը տեղի ունեցած է Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, ՀՅԴ աշխարհասփիւռ մարմիններու, լիբանանահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ Դաշնակցութեան հաւատարիմ հայորդիներ:

Միջոցառման ընթացքին հանդէս եկած են երկու հիմնական բանախօսներ ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ  Բիւրոյի ներկայացուցիչ ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

Յակոբ Բագրատունիի խօսքը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Բագրատունի, իր խօսքով ծանրացած է այսօր Լիբանանահայ գաղութիւն առջեւ դրուած մարտահրաւէրներուն մասին ու նաեւ կարեւորած, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները Լիբանանահայութեան միասնականութիւնը ամէն  բանէ վեր է։

Ան մասնաւորապէս ըսած է ՝ «131 տարեկան այս անխոնջ կուսակցութիւնը եղաւ առաջին դիրքերու վրայ, երբ հաւաքական մեր գոյութիւնը վտանգուեցաւ տարբեր շրջաններու մէջ: Լիբանան, Սուրիա, Իրան` պաշտպանական իր առաքելութեան ծառայ մեր աննման տղոց նահատակութիւնը վկա՛յ: Եղաւ հո՛ն, ուր ժողովուրդը կանչեց զինք: Եղաւ հո՛ն, ուր ցեղին ձայնը կանչեց զինք: Եղաւ հո՛ն, ուր կարիք կար: Դպրոց կառուցեց եւ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչը պաշտպանեց: Հայ մշակոյթը տարածեց եւ երիտասարդութեան առողջութեամբ եւ զայն մոլորութիւններէն հեռացնելու համար մարմնակրթութեամբ զբաղեցաւ: Հայ մարդուն առողջութեամբ եւ ընտանիքի բարօրութեամբ մտահոգ` ձեռնարկեց մարդասիրական, բարեսիրական կառոյցներու հաստատման: Պաշտպանեց հայութիւնը հաւաքաբար, ու հաւաքականութեան ընդմէջէն իւրաքանչիւր հայ անհատ եղաւ իր հոգածութեան առարկան։ Ամբողջ 119 տարի Դաշնակցութիւնը Լիբանանի մէջ ոչ իսկ վայրկեան մը եղած է առանձին, այլ` տեւաբար իր ժողովուրդին հետ, ու ոչ իսկ վայրկեան մը մեր ժողովուրդը առանձին ձգած է Դաշնակցութիւնը:

«Մի՛շտ Դաշնակցութիւնը իր կիզակէտը դարձուցած է Լիբանանի հայութեան պաշտպանութիւնը եւ ստանձնած անոր ազգային, հասարակական, քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, կենցաղային, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական, երիտասարդական եւ ուսանողական կեանքի կազմակերպման եւ զարգացման, Հայ դատի հետապնդման հիմնական դերակատարութիւն, միշտ նկատի ունենալով հայկական կուսակցութիւններու, միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ հայ անհատներու դրական դերակատարութիւնը։

Ու հոս հարկ կա՞յ յիշեցնելու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն, որ առանձինը չէ: Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ 131 տարի իր ժողովուրդին հետ եղած Դաշնակցութիւնը աշխարհով մէկ, եւ 119 տարի Լիբանանի մէջ գործող Դաշնակցութիւնը աւելի քան երբեք իր ժողովուրդին կողքին է հոս, Լիբանանի մէջ` Թրիփոլիէն Այնճար, Զահլէ եւ Ռայաք, Պաթրունէն Ժիպէյլ, Անթիլիաս, Մեթնի բարձունքներ, մինչեւ ծովեզերեայ շրջաններ, Պուրճ Համուտ, Քարանթինա թէ Էշրեֆիէ, Պէյրութի արեւմտեան շրջաններ թէ Հարաւային արուարձաններ եւ հո՛ն, ուր մէկ հատիկ հայ կայ, թէկուզ օտարացած, թէկուզ հայութենէ հեռացած, թէկուզ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հարուածած, անարգած կամ անոր պատասխանատուները վարկաբեկած:Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, որ տասնամեակներ ամբողջ իր ժողովուրդին հետ ցաւն ու ուրախութիւնը բաժնեկցած, անոր սիրոյն նահատակներ տուած, իր հայրենակիցներուն առողջութեան համար դաշնակցական երիտասարդներուն առողջութիւնը վտանգած այս կուսակցութիւնը է՛ եւ կը մնայ իր ժողովուրդին կողքին: Խնդիրը նիւթական, կենցաղային, կրթական, առողջապահական, ուտեստեղէնի, վերաշինութեան կամ առօրեայ պետական կարգադրութիւններու մէջ չի կայանար: Մենք յանձնառու ենք մեր ժողովուրդի պահպանման: Փաստը տուած ենք, գործը ինքը լաւագոյն փաստն է։ Դուք առանձին չէ՛ք, սիրելի՛ ժողովուրդ: Համայն հայութիւնը եւ մենք ձեր կողքին ե՛նք: Աշխարհատարած հայութիւնը գիտէ Լիբանանի առանձնայատկութիւնն ու Լիբանանի հայութեան կարեւորութիւնը: Մեր տկարացումը կը տկարացնէ համայն հայութիւնը: Մեր ընկրկումը ընկրկումի կը տանի ամբողջ սփիւռքը եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործը: Եւ իբրեւ այդպիսին մենք պիտի մնանք միասին: Լիբանանի հայութիւնը աշխարհով մէկ միակ քաղաքական համայնքն է, սահմանադրական իր իրաւունքներով: Պարտաւոր ենք պաշտպանել զայն ու պիտի շարունակենք պաշտպանել մեր համայնքը` յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, դարձեալ մեր ժողովուրդի շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր, մեր ինքնուրոյն քաղաքականութեամբ երկրին գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւններն ու հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու ի խնդիր»։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը

 Իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան օրը հաշուետուութեան պահ է, երբ մեր կազմակերպութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին` կատարելով հայութեան եւ հայրենիքի իրավիճակին վերլուծումը, ներկայացնելով իր մօտեցումներն եւ հաշուետուութիւնը:

Ան նախ ուրախութիւն յայտնեց, որ իր այս խօսքը կ՛արտասանէ Լիբանանի մէջ` սփիւռքի հայատրոփ հնոցը հանդիսացած համայնքի պուրճհամուտեան միջնաբերդին մէջ: «Լիբանանը մեր սրտին ու միտքին մէջ յատուկ տեղ ունի, անոր ցաւերը մեր ցաւերն են, անոր իրագործումները` մեր բոլորին յաջողութիւնը: Այս պատճառով է, որ այս շաբաթ ՀՅԴ Բիւրոն ամբողջ կազմով հոս է` լիագումարի, հոս են նաեւ մեր շրջաններու ներկայացուցիչները, որոնք այս տարի մեր մարմիններու ընդհանուր ներկայացուցչական ժողովը կը գումարեն այստեղ` Պուրճ Համուտի մէջ: Ուրախ եմ նաեւ նշելու, որ երեք տարբեր տագնապները` քաղաքական եւ տնտեսական տագնապ, համաճարակ եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթում, երբեք չեն տկարացուցած մեր այս հոյակապ համայնքի վճռականութիւնը, հաստատ կամքը, ամբողջական նուիրումը եւ մեր պայքարին անոր փարիլը: Վստահ եմ, որ համաձայն էք, թէ մենք երբեք առանձին չենք ձգեր մեր Լիբանանի սիրելի ժողովուրդը, մենք երբեք չենք կրնար անտեսել ձեր կարիքները, եւ ատոր համար մենք եկանք հաւաքաբար այստեղ, մեր համաշխարհային ներկայացուցչութեամբ, ըլլալու ձեր կողքին եւ յայտնելու մեր ամբողջական նեցուկը։Վերջին երեսուն տարիներուն` Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վերահաստատած, Արցախը ազատագրած, ջաւախահայութիւնը վերաշխուժացուցած եւ սփիւռքը հայրենակեդրոն ու պահանջատէր դարձուցած մեր ժողովուրդը արդարօրէն ցնծութեան պահեր կ՛ապրէր: Եւ ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ ձեռքբերումներու իրականացման մէջ` ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքին ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը եւ Արցախը ազատագրուած էր, իսկ Հայաստան վերադարձած էր աշխարհի քարտէսին` իբրեւ անկախ պետութիւն։

Համազգային առումով տարուած էինք անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան զգացումներով, որովհետեւ, աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք, պայծառ դարաշրջան մը բացուած էր հայութեան առջեւ: Այդ պատճառով ալ ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին կրած պարտութիւնը խորտակեց այդ անպարտելիութեան եւ անխոցելիութեան հանգանակը։

Ա.- Մարդուժի տրամադրում` պահեստազօրի ճամբով: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը վերակենդանացուցած էր իր առասպելական, ֆետայական կերպարով թրծուած ամէն տարիքի երիտասարդութեան համախմբումը իր կամաւոր պահեստազօրին մէջ: Գրեթէ հազարի հասնող այդ կամաւորներու փաղանգը տրամադրուած էր պատերազմին, արիաբար մասնակցած մարտերուն, կերտած յաղթանակներ եւ տուած մեծաթիւ զոհեր:

Բ.- Քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ: Հայ դատի յանձնախումբերով, հայ երիտասարդութեան աշխուժ մասնակցութեամբ կարողացանք շարժել աշխարհը, որպէսզի ճշգրիտ գնահատում տայ պատերազմին, պէտք եղած միջամտութիւնները կատարէ` մերթ անյաջող, բայց շատ մը պարագաներու նաեւ մեր թշնամիներուն` թուրք-ազրպէյճանական զօրքերուն աշխատանքներուն հակազդող:

Գ.- Քարոզչական պատերազմ: Թուրքիա եւ Ազրպէյճան շղթայազերծեցին ո՛չ միայն Հայաստանի եւ Արցախի, այլեւ ամբողջ հայութեան դէմ: Պէտք էր անմիջապէս անցնիլ աշխատանքի, ողողել աշխարհի մայրաքաղաքները ցոյցերով, հաւաքներով եւ բողոքի արտայայտութիւններով. նաեւ զօրաւոր կերպով հակազդել ընկերային ցանցերով, որոնց մէջ կը տարուէր հակահայ պայքար, մեծապէս ֆինանսաւորուած` այդ երկու պետութիւններուն կողմէ: Փառք ու պատիւ մեր երիտասարդներուն, որոնց միջոցով մենք կարողացանք առաջքը առնել այդ գրոհին եւ ընկերային ցանցերու մէջ անհրաժեշտ հակահարուածը տալ:

Դ.- Նիւթական օժանդակութիւն: Աննախընթաց միասնակամութեամբ մենք կարողացանք պատերազմի օրերուն եւ անկէ ետք իսկ ապահովել այնպիսի նկատառելի նիւթական օժանդակութիւն, որ աննախընթաց ձեւով եւ մեծ գումարներով սատարեց նաեւ պատերազմին եւ անկէ ետք սկսած վերականգնումի աշխատանքներուն: Աւելի քան 170 միլիոն տոլար գոյացնելով, մենք ալ կարողացանք մեր բաժինը բերել այդ գործին։

Յ. Տէր Խաչատուրեան աւելցուց, որ հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռեցաւ եւ հայութեան կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ անցեալ տարուան 9 նոյեմբերին:

«Ազգային նսեմացումի առաջնորդած Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարը մերժեց արժանավայել կերպով ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչած մնալ իր իշխանութեան աթոռին եւ սատարեց հայրենիքը նուաստացնող պարտուողական պայմաններու գոյացումին: Եւ տիրեց համատարած յուսահատութիւն եւ ընկճուածութիւն` ի տես այդ մեծագոյն աղէտին: Յառաջացաւ նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Ընդդիմութիւնը ստեղծեց «Հայրենիքի փրկութեան շարժում», փորձեց վերականգնել ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց ապակողմնորոշելու ու շարունակաբար պառակտելու հայրենի ժողովուրդը եւ յաջողեցաւ ինքզինք վերարտադրել: «Բաժնէ որ տիրես»-ի քաղաքականութիւնը որդեգրած Հայաստանի իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին լծուած է: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է համահայկական կուռ միասնականութիւնը», ընդգծեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ հայութիւնը այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած եւ հայկականութենէ պարպուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը փաստած են, շարունակական նահանջի մէջ են եւ ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ են:

«Այս կացութեան մէջ մեր առջեւ կը ցցուին հիմնական երեք հարցեր: Առաջինը` Ազրպէյճանի ճնշումով եւ Թուրքիոյ օժանդակութեամբ առաջ քշուող սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերն են եւ անոնց առնչութիւնը Արցախի խնդրին հետ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը զգուշացուցած էր Հայաստանի իշխանութիւնը, որ այս պատրուակին տակ ո՛չ մէկ սահմանազատում, ո՛չ մէկ սահմանագծում պէտք է անդրադառնայ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան, որով կրնայ թաղուիլ Արցախի հարցը: Արցախը պէտք է մնայ համաշխարհային ուշադրութեան առարկան, Արցախի կարգավիճակը ճշդուած չէ եւ այդ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացին մէջ պէտք չէ զոհել անոր ապագան», յայտնեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան հաստատեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը պիտի աշխատի, որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել Մինսքի խմբակի համանախագահող եռեակի բանակցային գործընթացը, որ շեշտաւորուի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որ բացառուի Թուրքիոյ առաւել ներթափանցումը Հարաւային Կովկասի մէջ:

«Երկրորդը` վերաթարմացուող հայ-թրքական յարաբերութիւններու կծիկն է: Մենք ունեցած ենք ահաւոր փորձառութիւնը 2008-2009 տարիներուն ընթացքին, երբ հայ-թրքական արձանագրութիւններու պիտակին տակ փորձուեցաւ համակարգել այդ յարաբերութիւնները: Այս իմաստով մենք ունինք նոյն կեցուածքը. մենք դէմ չենք յարաբերութիւններու հաստատման, այնքան ատեն որ անոնք չեն ըլլար նախապայմաններով, այնքան ատեն որ մենք մեր ձեռքէն դուրս չենք ձգեր մեր անժամանցելի իրաւունքները, եւ թրքական տնտեսութիւնն ու թրքական ուժերը ամբողջովին չեն ողողեր Հայաստանը, եւ որ մեր հայրենիքը այդ յարաբերութիւնները չմշակէ զիջումներով ու պարտադրանքի տակ: Մեզի համար յստակ է, որ պարտուած մթնոլորտի մէջ եւ թրքական ամէն տեսակի նախապայմաններու պարտադրանքին տակ կարելի չէ երեւակայել յարաբերութիւններու որեւէ բնականոնացում», ըսաւ ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ երրորդ հարցը այն է, որ Հայաստանի գերիշխանութեան վտանգուած ըլլալու իրողութիւնը պէտք եղած ձեւով չի մտահոգեր հայրենի իշխանութիւնները: «Մենք յայտարարած էինք, որ Արցախը մեր դարպասն է, որ ո՛չ միայն կը պաշտպանէ Արցախը, այլեւ կը պաշտպանէ նոյնինքն Հայաստանի սահմանները: Որքան ճիշդ դուրս եկաւ այդ հանգամանքը. այսօր շատ աւելի մեծցած են այդ սահմաններուն պաշտպանութեան ու անվտանգութեան խնդիրները: Իսկ մեր թշնամիները, որոնց ախորժակները այսօր բորբոքած են Արցախի հանդէպ ունեցած իրենց «յաջողութիւններուն» բերումով, այսօր թիրախաւորած են նաեւ Հայաստանը, մանաւանդ Սիւնեաց աշխարհը:

Այսօր կարելի չէ լուռ մնալ մեր համահայկական եւ հայրենի մարտահրաւէրներու այս հոյլին հանդէպ: Մենք սոթտած ենք մեր թեւերը եւ անցած շարունակական աշխատանքի, ինչպէս` պատերազմէն առաջ, ինչպէս` պատերազմին ընթացքին, այնպէս ալ` պատերազմէն անմիջապէս ետք», հաստատեց ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կը զարգանայ ժողովրդային դիմադրութեան շարժումը, եւ հայրենի ժողովուրդին դժգոհութեան ալիքին արդէն միացած են Արցախն ու սփիւռքահայութիւնը:

«Արցախահայութիւնը թէեւ վիրաւոր է, սակայն իր վէրքերը ամոքելու, հայկական դիմագիծը պահպանելու, իր հանրապետութիւնը լիովին վերականգնելու եւ ամէն գնով Ազրպէյճանի գերիշխանութեան տակ վերադարձը բացառելու գործին լծուած է: Ամէն գնով պարտինք համախմբել Արցախի բոլոր հոսանքները եւ խորհրդարանական ուժերը, որպէսզի Արցախի Հանրապետութեան վճռականութիւնը պահպանուի, հայկական հողին խառնուած արիւնը տայ իր արգասիքը եւ Արցախը շուտով վերագտնէ իր նախկին աշխուժութիւնն ու սահմանները:

Սփիւռքը եւս մէկ մարդու նման պիտի փարի հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարի թրքա-ազրպէյճանական հայատեաց եւ փանթուրանական ճակատին դէմ: Դժուար պայքար է, բայց ոչ անկարելի: Ի վերջոյ բոլորս գիտենք, որ ո՛չ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, ո՛չ հայ ժողովուրդը վհատած են, նոյնիսկ երբ իրենցմէ աւելի մեծ թիւով թշնամիներու դէմ պայքար մղած են եւ կերտած մեծ յաղթանակներ», ընդգծեց Յ. Տէր Խաչատուրեան:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանի հայ համայնքը եւս ունի հաստատ վճռականութիւնը յաղթական դուրս գալու ներկայ տագնապներէն` աւելցնելով, որ ճիշդ է, որ այսօր Լիբանանը վիրաւոր է, երկիրը քաղաքական եւ տնտեսական տագնապի մէջ է, «բայց լիբանանահայութիւնը տոկուն է, վճռական, եւ մանաւանդ` լիբանանահայութիւնը մինակ չէ. մենք մղած ենք հայ աշխարհը, որ ամուր կանգնի իր կողքին եւ հասնի անոր բազում կարիքներուն», ըսաւ ան:

Յ. Տէր Խաչատուրեան ընդգծեց, որ անկախ պետականութիւնը ՀՅԴ-ի համար բարձրագոյն ու բացարձակ արժէք է` շեշտելով, որ ամէն զոհողութիւն արդարացուած է` պաշտպանելու համար այդ անկախութիւնը եւ իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդին ապրելու եւ զարգանալու իրաւունքը:Մենք փակած ենք սուգի եւ ընկճուածութեան էջը եւ համոզուած ենք, որ շուտով ականատեսը կ՛ըլլանք հայուն վերապրելու եւ վերականգնելու իւրայատուկ ոգիին, վճռակամութեան եւ արիութեան վերադրսեւորումներուն: Որովհետեւ մեր պայքարը արդար է եւ վախճանը կրնայ ըլլալ միայն յաղթանակ», եզրափակեց ան:

 

Տօնակատարութեան աւարտին տպաւորիչ էր պատանիներու խոստման արարողութիւնը: Պատանիներուն խոստումը ընդունեց եւ իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի պատանեկան միութեանց կառոյցին մէջ իր մեծ ու անջնջելի վաստակը ունեցող եւ իրերայաջորդ պատանեկան սերունդներու անխոնջ դաստիարակ Սեզար Զարմէնեան:

Իր խօսքին մէջ ան նշեց, որ ժամանակի թաւալումով կը փոխուին պայմաններ, սակայն ՀՅԴ-ի նման գաղափարական կազմակերպութիւններ կը պայքարին` խորքը, էութիւնը, խորհուրդը պահելու ի խնդիր: Ըստ անոր, ժամանակին դաշնակցական պատանիներու խոստման արարողութիւնը կը կատարուէր ներքին կարգով, խորհրդաւոր մթնոլորտի մէջ, իսկ ներկայիս պատանիները ժողովուրդին առջեւ, հանդիսաւոր կերպով խոստում կու տան` իրենց հաւաքական յանձնառութեան վկան դարձնելով ժողովուրդը:

Սեզար Զարմէնեան դիտել տուաւ, որ պայմաններուն ու ժամանակին հետ փոխուած են նաեւ արժէքները, աւելի ճիշդ` մարդոց դաւանած արժէքները, երբ անհատականը գերադաս եղած է հաւաքականին, բարոյական, ազգային, հոգեւոր եւ գաղափարական արժէքները կը նկատուին հնամաշ, ոչ ժամանակակից: «Ահա այս պայմաններուն մէջ է, որ դուք, հակառակ մեր շուրջ տիրող պայմաններուն, կ՛ուխտէք հաւատարիմ մնալ գաղափարին եւ այդ գաղափարին դաւանած արժէքներուն: Ասիկա կարեւոր քայլ է հետեւելու Քրիստափորի կամքի ուղիին, Սպաղանաց Մակարի կարգապահութեան օրինակին, Ռոստոմի լուռ, լուսարձակներէ հեռու, առանց ցուցադրութեան անխոնջ աշխատելու սկզբունքին կամ Նիկոլ Դումանի զոհաբերութեան», ըսաւ ան:

 Սեզար Զարմէնեան դիտել տուաւ, որ պայմանները փոխուած են նաեւ հայրենիքի մէջ, պարտուած ենք ճակատամարտը, ոչ պատերազմը, կորսնցուցած ենք հայրենի տարածքներ, բայց եւ այնպէս պատանիները խոստում պիտի կատարեն աշխատելու մեր ամբողջական հայրենիքի ազատագրութեան համար, պիտի խոստանան այս ծանր պայմաններուն մէջ չյուսահատիլ եւ պայքարի ջահը վերստին ստանձնել: Անհաւասար կռիւի մէջ նոր զէնք հնարելու մասին Նիկոլ Դումանի խօսքը մէջբերելով` ան յայտնեց, որ պատանիները պարտին այսօր հնարել նոր զէնք, որ մասնագիտացումն է, որովհետեւ մասնագիտացած պատերազմ է ամէն իմաստով` զինուորական, տեղեկատուական, հոգեբանական, մշակութային եւ արհեստագիտական մակարդակներու վրայ:

 «21-րդ դարու պատերազմը ձեզի կը պարտադրէ պատրաստուիլ ո՛չ միայն զինուորապէս, այլ նաեւ գիտելիքով, մասնագիտութեամբ: Բայց մանաւանդ գաղափարական պատրաստութեամբ, մեր արժէքները պահելով եւ ապազգային ամէն տեսակի երեւոյթի դէմ կարենալ դիմադրելով: Իւրաքանչիւրդ իր միջավայրին մէջ տարբերելով իբրեւ տեսակ, իբրեւ դաստիարակուած, եւ իբրեւ կեանքին մէջ` մարդուն, հայուն եւ ազգին համար նպատակի հաւատացող եւ անոր ձգտող պատանիներ: Ուրեմն դուք պիտի հնարէք նոր զէնքը, որպէսզի վերականգնին մեր արժէքները, վերականգնի հայրենիքը», եզրափակեց Սեզար Զարմէնեան` պատանիները կոչելով «Նիկոլ Դուման» սերունդ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 131-ամեակի տօնակատարութիւնը փակուեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»-ի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը ազգային տարբեր եղանակներ նուագելով ուղղուեցաւ Պուրճ Համուտի Արաքս թաղէն մինչեւ Ազգային միացեալ վարժարան: