Լիբանան խոստօրէն կը դատապարտէ հրապարակուած տեսանիւթերուն մէջ հայ զինուորականներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուորականներու գործողութիւնները, որոնք Ժընեւի 1949 թուականի բանաձեւի կոպտագոյն խախտումներ են։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` այս մասին ըսուած է Լիբանանի ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ։
«Կ'ողջունենք Ատրպէյճանի դատախազութեան որոշումը տեսագրութեան առթիւ հետաքննութիւն կայացնելու վերաբերեալ։ Լիբանանը կը վերահաստատէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած իր պահանջը՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիները, մասնաւորապէս Լիբանանի քաղաքացի, ազգութեամբ հայ Վիգէն Էօլչեքճանը», - նշած է երկրի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։