image

Լիբանան. Այցելութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պեզիկեան» թանգարան

Լիբանան. Այցելութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պեզիկեան» թանգարան

Օրերս The National herald կայքը հրապարակած է լրագրող եւ մարդաբան Ժուլիան ՄըքՊրայտի ուշագրաւ յօդուածը, ուր նկարագրած է իր այցելութիւնը Ժիպէյլ քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պեզիկեան» թանգարանը: «Արեւելք»  թարգմանաբար կը ներկայացնէ սղագրութիւնը յօդուածին:  

Յօդուածագիրը գրած է թէ ինք թանգարաններ այցելող մոլի մըն է, յատկապէս միջազգային թանգարաններ: Եւ երբ դաշտային աշխատանքով Լիբանան այցելած է, ուշադրութիւնը գրաւած է Լիբանանի Ժիպէյլ քաղաքի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պեզիկեան» թանգարանը, որ բացուած է «Թռչնոց Բոյնի» ամենահին շէնքերէն մէկուն մէջ, եւ որ զարմանալիօրէն այնքան ալ յայտնի չէ հայ համայնքէն դուրս:

«20 Օգոստոս 2021-ին, ես պատիւը ունեցայ այցելելու Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը։ Այցելելէն առաջ ես գիտէի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, եւ թէ ինչպէս Լիբանանը ընդունած է բազմաթիւ հայ գաղթականներ, բայց ոչ այնքան ինչքան իմացայ թանգարանէն»,- գրած է ՄըքՊրայտ:

Ան նշած է թէ ուղեցոյց ունենալով Գրիգոր Ալոզեանը, թանգարանի շրջագայութիւնը սկսած է, նախքան ցեղասպանութեան շրջանի հայերու ջարդերէն եւ հալածանքներէն, ինչպէս օրինակ՝ Համիտեան ջարդերը, որոնք կատարուած են Ապտըլ Համիտ Բ.ի եւ քուրտ ցեղապետներու կողմէ հայերուն, յոյներուն ու ասորիներէուն նկատմամբ, 1890-ականներուն վերջերը: 

Ապա թանգարանի նկարները յաջորդաբար պատմած են երիտասարդ թուրքերուն շրջանը, եւ թէ ինչպէս անոնք խոստումներ տուած են բարեփոխութիւններ եւ սահմանադրական նոր փոփոխութիւններ ընելու, նպատակ ունենալով մեղմացնել լարուածութիւնը կայսրութեան երկրորդ աստիճանի քաղաքացիներուն՝ հայերուն, յոյներուն, մարոնիներուն եւ ասորիներուն, որոնք Օսմանեան կայսրութեան ողնաշարն էին: Երբ թուրք քաղաքացիներու մեծ մասը կը ծառայէր զինուորական բարձր պաշտօններու մէջ, հայերը զարգացած  դասակարգն էին, բժիշկներ, դրամատուներու տէրեր, պատմաբաններ, հնագէտներ եւ վաճառականներ էին: Եւրոպացիք իրենց առեւտուրը հայերուն եւ յոյներուն հետ կ'ընէին: 

Յօդուածագիրը անդրադարձած է Ցեղասպանութեան, եւ որ տեղի ունեցած է 1915-ի Ապրիլ 24-ին, երբ բազմաթիւ հայ մտաւորականներ ձերբակալուած են եւ մահապատժի ենթարկուած։ «Մանաւանդ, որ ցեղասպանութիւնը յայտնի է որպէս Հայոց ցեղասպանութիւն, բայց ջարդուած են նաեւ յոյներ, ասորիներ եւ շատ լիբանանցիներ մասնաւորապէս մարոնցիներ  անոր տալով քրիստոնէական ցեղասպանութեան պատկեր»: 

Թանգարանի յաջորդ նկարները կը պատմեն ինչպէս հայերը բռնած են մահուան ճամբան Սուրիոյ անապատներուն մէջ: Ապա ներկայացուած են Կիլիկիոյ, Հալէպի եւ Պէյրութի փրկուածներն ու որբերը։ Պէյրութը դարձած է հազարաւոր հայ որբերու ապաստանը: Լիբանանի ժամանակակից պետութեան ժողովուրդը բացած է իր գիրկը եւ ներառած այս հայերը իր հասարակութեան մէջ: «Այս հայերէն շատեր այժմ կ'օգնեն կառավարելու այնպիսի կարեւոր քաղաքներ, ինչպէս Այնճարն ու Պուրժ Համուտը»,- ըսած է յօդուածագիրը:

Եւ ի վերջոյ, ՄըքՊրայտ գրած է թէ թանգարանի վերջին բաժնով ցուցադրուած են լիբանանահայերու բարգաւաճումը, որբանոցներու հիմնադրամները եւ անոնց օժանդակող զանազան կազմակերպութիւնները: 

«Ես այցելած եմ աշխարհի տարբեր թանգարաններ, բայց ոչ մէկը այսքան յուզած է զիս որքան Հայոց ցեղասպանութեան որբերու Արամ Պեզիկեան թանգարանը եւ «Թռչնոց բոյն» որբանոցը: Ես բոլորին խորհուրդ կու տամ այցելել այս թանգարանը, անոնք որոնք կ'ուզեն տեղեկութիւն ստանալ աշխարհի ամենադաժան ցեղասպանութիւններէն մէկուն մասին եւ անկէ վերապրածներու վիճակին մասին, ցեղաասպանութիւն մը որ մինչեւ այսօր չէ ստացած արդարացի ճանաչում կամ հատուցում Թուրքիոյ կողմէ: 

Տնտեսական դժուար այս շրջանին, թանգարանը կրնայ օգտագործել այցելուներու նուիրատուութիւնները՝ օգնելու «Թռչնոց բոյն»ի  որբերը: Ես այս օրը կը համարեմ կեանքիս ամենայիշարժան օրերէն մէկը այս իրադարձութեան պատճառաւ»,- եզրափակած է յօդուածագիրը: