Մեր սխալներուն մեծ մասը լեզուէն է։ Ստախօսութիւնը, բամբասանքը, դժգոհիլը, հայհոյելը, անիծելը, վիճաբանիլը եւայլն...։ Լեզուի մեղքերը եթէ յիշենք, պիտի նկատենք թէ երկա՜ր ցուցակ կայ, որ մեր առջեւ կը պարզէ լեզուին գործած կոպիտ սխալները։ Խօսակցական որեւէ արտայայտութիւն կամ իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ, կամ ալ կործանարար հետեւանքներու պատճառ պիտի ըլլայ։
Օրուայ ընթացքին մարդոց հետ անմիջական շփում կ`ունենանք եւ որպէս հաղորդակցութեան միջոց` կը խօսինք, մեր միտքը պարզելու կամ գաղափարը յայտնելու նպատակով։ Երբեմն կ`ըսենք ինչ որ պէտք չէ ըսել, յետոյ կը զղջանք մեր անտեղի եւ անհամ արտայայտութեան համար։ Երբեմն լուռ կը մնանք, կը զգանք թէ պէտք է ըսելիք ունենայինք, յետոյ կ`ափսոսանք մեր վերապահութեան համար։ Երբեմն երկա՜ր կը խօսինք, մարդոց համբերութիւնը շահագործելով։ Առանց փակագիծը գոցելու կը սկսինք պատմել, մեկնաբանել եւ համոզել։ Հաւանաբար նիւթը հետաքրքրական կամ շահեկան չըլլայ, կամ լսողը յոգնած ըլլայ, բայց մենք նկատի կ`առնենք մեր ըսելիքը եւ կը շարունակենք խօսիլ առանց փափկանկատ մօտեցում ցուցաբերելու։
Լեզուն զսպելն ալ պահք է։ Մեծ Պահքը չափաւորութեան օրէնքով ապրելու նպաստող առիթ է։ Միայն լռելը տարօրինակութիւն է, միայն խօսիլն ալ վնասաբեր։ Ուրեմն մեր լեզուն սանձելով շատ մեր մեղքեր պիտի կարենանք դիմադրել։ Պահեցողութիւնը որոշ ժամանակի համար է միայն, իսկ լեզուի պահքը բոլոր ժամանակներու համար է։
Լեզուն սանձելը, զսպելը եւ չափաւոր խօսիլը կարեւոր է։
Անհաշիւ ուտողը իր ստամոքսին վնաս կը հասցնէ, իսկ անհաշիւ խօսողը հազարաւոր մարդոց սիրտերը կը խոցէ։
Հաւանաբար մեղքերուն 70% լեզուի մեղքերն են։ Չարախօսութիւնը, ստախօսութիւնը, դատարկախօսութիւնը, հակառակախօսութիւնը, լկտի եւ ամբարիշտ խօսակցութիւնը։ Ծիծաղի պատրուակով կրօնական հաւատալիքները անարգելը, զուարճախօսութեան ընթացքին հոգեւոր սկզբունքները արհամարհելը, գուշակութիւն ընողներուն խաբէբակայան հնարքները եւ ուրիշ մեղքեր։
Լեզուն վտանգաւոր եւ թունաւոր է։
Լեզուն վեհ զգացումներուն, բարեպաշտական ապրումներուն, բարի խորհուրդներուն եւ դրական տրամադրութիւններուն հաւատարիմ թարգմանը ըլլալու է։ Մարդկային լեզուն երբ անվայել եւ անպատշաճ բառեր կը գործածէ, գայթակղեցուցիչ խօսքեր արտաբերէ` պիտի ծառայէ միայն չարին։ Մկրտութեան ժամանակ սրբալոյս միւռոնով խաչաձեւ կը դրոշմուի երեխային բերանը, մկրտող եկեղեցականը կ`ըսէ "Այս կնիքը Յիսուս Քրիստոսի անունով բերանիդ եւ շրթներուդ վրայ դրուած ամուր դուռ եւ պահապան թող ըլլայ"։
Ինչքա՜ն խորիմաստ եւ աղօթաբոյր բառեր են, որոնք կը յիշեցնեն միւռոնով օծուած մեր շրթներուն նուիրականութիւնը։ Արժէք մը, որուն նկատմամբ պատասխանատու եւ բծախնդիր կեցուածք ունենալը անյետաձգելի է։ "Ամուր դուռ..."։ Շրթները դուռ են, պէտք չէ բացուին երբ լեզուն մեղանչել ուզէ։ Ապահով դուռին արթուն պահապանը մաքուր խղճմտանքն է, ամուր կամքն է, հաստատուն հաւատքն է։ Սրբալոյս Միւռոնին դաւաճանն է չար լեզուն։ Իսկ զուսպ լեզու ունեցողը պիտի գործածէ բարի, հոգեշահ, վայելուչ եւ օրհնաբեր բառեր։
Պահքի շրջանին կանչուած ենք լեզուի մեղքերէն հրաժարելու։
Լեզուի մասին բազմաթիւ խրատներ կան Աստուածաշունչին մէջ։ Անոնք հրաշագործ դեղագիր են, մեծապէս կ`օգնեն մեզ եւ ցոյց կու տան լեզուի սխալները արմատէն մերժելու ուղին։
Առակաց գիրքին մէջ կը կարդանք հետեւեալը. "Ճիշդ ժամուն ըսուած խօսքը որչա՜փ գեղեցիկ է"։(Առ 15. 23)
"Ճիշդ ժամուն..." այսինքն յարմար ժամկէտին, երբ ականջը լսելու պատրաստ է, երբ խօսքը մտքին մէջ "բանտարկել"ը անիմաստ է։ Հին Կտակարանի Ժողովողի գիրքին մէջ իմաստունը կ`ըսէ "Ամէն բանի ատենը կայ...լռելու ժամանակ ու խօսելու ժամանակ"։(Ժղ 3.7) Երբեմն կը խախտենք այս բարոյական օրէնքը. Կը խօսինք` երբ պէտք է լսենք, եւ լուռ կը մնանք երբ պէտք է խօսինք։
Ադամ մեղանչեց։ Ան ո'չ միայն չարին խաբեբայ խօսքերը լսելով կորսնցուց իր անմեղութիւնը, այլ` մերժեց մեղքը խոստովանիլ։ Աւելին` լեզուով ալ մեղանչեց անվայել պատասխան տալով Աստուծոյ երբ ըսաւ."Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա'ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ"։(Ծնն 3.12)
Նմանօրինակ արտայայտչաձեւ տարօրինակ է, խորթ է եւ Աստուծոյ նկատմամբ ըմբոստութեան նշան է։
Հերովդէս թագաւոր երդում ըրաւ եւ խոստացաւ Հերովդիայի աղջկան տալ ինչ որ կ`ուզէ։ Աղջիկը մօրմէն խրատուած ըլլալով Յովհաննէս Մկրտիչին գլուխը ուզեց։ Թագաւորը չկրցաւ ետ դառնալ իր խոստումէն։ Ստիպուած կատարեց ըսածը։ Իր դիրքն ու հանգամանքը աւելի կարեւոր էր քան Մեծ մարգարէին հեղինակութիւնն ու բարի համբաւը։ Եթէ խոստացած չըլլար անել կացութեան պիտի չմատնուէր եւ անմեղ արիւն թափելու ոճիրը պիտի չգործէր։ (Տես` Մտ 14.1_11)
Քրիստոս երդումին մասին ուսուցանեց ըսելով."...Ձեր Այոն Այո թող ըլլայ եւ Ոչը` Ոչ։Անկէ աւելին չարէն կու գայ"։(Մտ 5.37)
Պօղոս առաքեալ կ`ըսէ."Ձեր խօսակցութիւնը միշտ գոհաբանութիւն պէտք է ըլլայ"։(Եփ 5.4)
Լեզուն շփացած է, պէտք է սանձուի։
Լեզուի պահքը ամէնուն համար է։
Թող մեր լեզուները ըլլան ճշմարտութեան խօսնակ եւ արդարութեան թարգման։
Չպղծենք մեր սուրբ լեզուն` անվայել բառեր գործածելով, այլ` մեր հրաշք հայերէն լեզուին վկաները դառնանք բանիւ եւ գործով։
Խորէն. Քհնյ. Պէրթիզլեան