Մնացորդաց
Հայերէնը եւ թրքերէնը (բ)
Թէեւ թրքերէն բառերու դէմ պայքարը պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, սակայն նոյնը կարելի չէ ըսել թրքերէն ոճերու, ասոյթներու ու բառակապակցութիւններու մասին, աւելի ճիշդը՝ թրքերէնի վրայ պատճէնուած, թրքերէնը վերարտադրող այն տարրերու մասին, որոնք շատ աւելի թաքուն ու գաղտագողի գործած ու իշխած են հայու լեզուամտածողութեան վրայ ու անկէ՝ բերնին մէջ:
Մենք նմանները կը կիրարկենք, առանց երբեք կասկածելու անոնց ծագումնաբանութենէն, այնքան սովորական ու հարազատ կը թուին ըլլալ:
--բառակապակցական ասոյթներ
անոր երեսէն (պատճառով) onun yüzünden
Անոր երեսէն պատժուեցանք բոլորս:
իմ կռնակէս (շնորհիւս) benim sırtımdan
Իմ կռնակէս հարստացաւ անոր տղան:
հասակին չնայելով (արհամարհանք) boyuna bakmayarak
Հասակին չնայելով մեր հետ մրցիլ կ’ուզէ:
այս էր ըլլալիքը (բացասական արդիւնք մը) bu idi olacağı
Խելքէն վեր գործի նետուեցաւ, այս էր ըլլալիքը:
վաղը տօն ըլլալով (պատճառ, հիմունք) yarın bayram olarak
Վաղը տօն ըլլալով՝ հաստատութիւնս փակ է:
--շաղկապական ասոյթներ
եկուր տես որ gel bak ki
Եկուր տես որ ըսածին ինք ալ չի հաւատար:
մնաց որ kaldı ki
Մնաց որ այս խոստումները յարգէ:
կը բաւէ որ yetişir ki
Կը բաւէ որ պարկեշտօրէն աշխատի:
ուր մնաց որ nerde kaldı ki
Ուր մնաց որ այս ըսածներուն հաւատանք:
եթէ ինծի հարցնես (ինծի հարցնես նէ) bana sorarsan
Եթէ ինծի հարցնես, ես համամիտ չեմ:
եթէ ինծի մնայ (ինծի մնայ նէ) bana kalsa
Եթէ ինծի մնայ, այսօր իսկ կը հեռանամ:
--դարձուածային ասոյթներ
պարապ տեղը (ի զուր) boş yerde
գլխուս վրայ baş üstüne
մարդու տեղ դրինք adam yerine koduk
այսքան բարիքի դիմաց bu kadar iyilik karşısında
ասոր վրայ bunun üzerine
քու երեսէդ senin yüzünden
* * *
Թրքերէնը աղքատ եղած է բայերով, այս պատճառով ալ ունեցած սակաւ բայերէն կերտած է յարադրաւորներու շատ երկար շարքեր. մեր ռամիկը, − եւ ոչ միայն ռամիկը,− շատ յաճախ ընդօրինակած է այսպիսիները՝ անտեսելով հայերէն ինքնուրոյն տարբերակները. տեսնենք առնել-ը.
շունչ առնել nefes almak շնչել
գրի առնել kaleme almak արձանագրել
կրակ առնել ateş almak բռնկիլ
երես առնել yüz almak շփանալ
լուր առնել haber almak տեղեկանալ
աչք առնել göz almak համարձակիլ
օրինակ առնել ibret almak խրատուիլ
սիրտ առնել yürek almak համարձակիլ
առաջքը առնել önünü almak կանխել
խոնաւութիւն առնել nem almak խոնաւնալ
դաս առնել ders almak խրատուիլ
վրան առնել üstüne almak առնչուիլ
ծախու առնել satun almak գնել
ձեռք առնել ele almak ստանձնել
տակը առնել dibi almak այրիլ[1]
սիրտը առնել yureyini almak ողոքել
հոգին առնել canını almak նեղել, սպանել
Այլուր կրկնուողը բայական յարադիրն է. տեսնենք երես-ը.
երես առնել yüz almak շփանալ
երես տալ yüz vermek շփացնել
երեսին զարնել yüzüne vermek մեղադրել
երես դարձնել yüz çevirmek սրդողիլ
երես գալ yüze gelmek բացէ ի բաց խօսիլ
երեսը բռնել yüzü tutmak համարձակիլ
երեսէ իյնալ yüzden düşmek վարկաբեկիլ
երեսէ ձգել yüzden brakmak քամահրել
երեսին խնդալ yüzüne gülmek շողոքորթել
երեսը թթուեցնել yüzünü ekşitmek դժկամակիլ
երեսը պատռել yüzünü yırtmak լկտիանալ
ի՞նչ երեսով ne yüzle ի՞նչ համարձա-
կութեամբ
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան