Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանը պիտի ընդգրկուի Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովին մէջ, փոխարինելով պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէյեանին։
Տեղեկութիւնը «Sputnik Արմենիա»ի հետ զրոյցին հաստատած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանը։
«Նորընտիր պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանը, ինչպէս եւ իւրաքանչիւր պատգամաւոր, պէտք է պարտադիր ընդգրկուած լինի որեւէ յանձնաժողովում։ Այո, Լեւոն Քոչարեանն ընդգրկուել է Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւնների մշտական յանձնաժողովում»,–ըսած է Խամոյեանը։
Նշենք, որ Լեւոն Քոչարեանը վերցուցած է Արմէն Չարչեանի վար դրած մանթատը, որ առողջապահութեան յանձնաժողովի անդամ էր:
Յիշեցնենք, որ Ազգային Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովին մէջ ընդգրկուած են նաեւ «Հայաստան» խմբակցութենէն պատգամաւորներ Արմէն Ռուստամեանը եւ Քրիսթինէ Վարդանեանը։