Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իսկապէս Ատրպէյճանի կողմէ էթնիք զտում տեղի ունեցած է՝ «աշխարհի մէջ, միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ ով ալ ինչ ալ որ ըսէ». այս մասին gazeta.ru-ի հետ զրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ, պատգամաւոր Քոնսթանթին Զաթուլին։
Անոր խօսքով՝ «էթնիք զտումներու փաստը կասկածէ վեր է»։
«Գոնէ այն առումով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութիւնը լքած է իր տուները այն հողին մէջ, որ իր հայրենիքն է», - աւելցուցած է Զաթուլինը՝ մեկնաբանելով Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի ըսածն Արցախի մէջ էթնիք զտումներու վերաբերեալ:
«Ցանկալի պիտի ըլլար, որ Ղարաբաղի մէջ էթնիք զտումներու մասին պնդումներու վերաբերեալ որոշ փաստեր ներկայացուէին։ Եթէ Երեւանի համար հեղինակաւոր համարուող որեւէ միջազգային կազմակերպութեան (օրինակ՝ ՄԱԿ-ը կամ որեւէ այլ կառոյց) կողմէ որեւէ փաստաթուղթ, յայտարարութիւն, որ ցոյց կու տայ, որ նման էթնիք զտումներ տեղի ունեցած են, կը խնդրենք տրամադրել մեզի այս փաստաթուղթի յղումները», - ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած էր Զախարովան: