image

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը բարդագոյն խնդիր է. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը բարդագոյն խնդիր է. Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւն

Մոսկուան լիայոյս է, որ Երեւանի մէջ կը հասկնան, որ արեւմտեան երկիրները կը փորձեն քաղաքական եւ տնտեսական ճնշում գործադրել Ռուսիոյ ամենամօտ դաշնակիցներու, այդ շարքին՝ Հայաստանի վրայ՝ «առաւելագոյն վնաս հասցնելու համար Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ անոր դիրքերուն Հարաւային Կովկասի մէջ»։ Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան երկիրներու առաջին վարչութեան տնօրէն Միքայէլ Աղասանդեանը ՝ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին տուած հարցազրոյցին:

«Այդ նպատակին հասնելու համար անոնք կը փորձեն խաթարել տարածաշրջանային անվտանգութեան գոյութիւն ունեցող մեխանիզմները, ներառեալ՝ ՀԱՊԿ-ի հնարաւորութիւններու վրայ հիմնուածները: Յոյսով ենք, որ Երեւանը այդ լաւ կը հասկնայ»,- պարզաբանած է դիւանագէտը:

Միեւնոյն ժամանակ նա նշած է, որ ՀԱՊԿ-ը, ինչպէս որեւէ միջազգային կազմակերպութիւն, «կախարդական փայտիկ չէ», որով կը լուծուին խնդիրներ։

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը ամենաբարդերէն է, այն ունի խոր պատմական արմատներ։ Կայուն կարգաւորման միակ ճանապարհը բանակցութիւններու հիման վրայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու հետեւողական կարգաւորումն է, կողմերու փոխադարձ յարգանքը, փոխզիջումներու երթալու, պատասխանատու որոշումներ կայացնելու եւ իրականացնելու պատրաստակամութիւնը։ Այս ծիրէն ներս ես չեմ կրնար չնշել Ռուսիոյ եւ անձամբ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ այս դժուարին գործընթացին մէջ առանցքային միջնորդական դերը»,-ըսած է Աղասանդեանը։