Լաւրով. Հայաստան գրաւած էր Ատրպէյճանի տարածքները

Լաւրով. Հայաստան գրաւած էր Ատրպէյճանի տարածքները

Երբ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը շարունակեն ուղիներ փնտռել Կովկասի մէջ իրավիճակի հանդարտեցման վերաբերեալ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) նոյնպէս պատրաստ է օգնելու։  Այդ մասին Քիսելիովի հետ հարցազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։

Անոր խօսքով, «Հայաստանը տասնեակ տարիներ բռնագրաւած էր Ատրպէյճանի 7 շրջանները, իսկ ՀՀ նախկին իշխանութիւնները կը հրաժարէին Ռուսիոյ միջնորդութենէն՝ ցանկանալով պահել գրաւուած տարածքները, որոնք իրենց չէին պատկանիր»։

«Այո, Ատրպէյճանը վերադարձուց այն հողերը, որոնք իրեն կը պատկանին։ Այժմ, երբ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ատրպէյճանը Եւրոպական միութեան հետ միասին ստորագրած են փաստաթուղթ՝ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման պատրաստ ըլլալու մասին՝ Ալմա Աթայի 1991 թ. դեկտեմբերի հռչակագրին մէջ նշուած պայմաններով. ուստի հիմա մեզի համար նոյնիսկ դժուար է կողմնորոշուիլ հետագայ քայլերու հարցով, որովհետեւ Ալմա Աթայի հռչակագրին մէջ ըսուած է, որ նոր անկախ պետութիւններու միջեւ սահմանները պիտի անցնին Խորհրդային Միութեան, միութենական հանրապետութիւններու վարչական սահմաններով, ներառեալ Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը (ԽՍՀ) եւ Ատրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնե (ԽՍՀ), Ատրպէյճանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան կազմին մէջ կը գտնուէր Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը։ Այնպէս որ, այստեղ բազմաշերտ իրավիճակ է»,- նշած է Լաւրով։