Լաթվիայի մէջ մեկնարկած են ՆԱԹՕ-ի «Բիւրեղեայ նետ 2023» միջազգային զօրավարժութիւնները եւ պիտի տեւեն մինչեւ մարտ 31-ը, յայտնած է Baltnews թելեկրամեան հեռուստաալիքը։
Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցի մօտ 3000 զինուորական Լաթվիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Մեծ Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն եւ դաշինքի այլ երկիրներէն:
Զօրավարժութիւնները կը կազմակերպէ Լաթվիայի զինուած ուժերու ցամաքային զօրքերու հրաձգային զօրախումբը։