image

Հայֆայի մէջ.  Խաչքարի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ 

Հայֆայի մէջ.  Խաչքարի օրհնութիւն տեղի ունեցաւ 

Օրերս, Հայֆայի Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Սուրբ եւ անմահ պատարագի, տեղի ունեցած է եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգուցեալ Էմիլ Փիրումովի նուիրատւութեամբ զետեղուած երկու խաչքարերու օրհնութեան արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է։

Շաբաթ, 1 Մարտ, 2025-ին, Հայֆայի Սուրբ Եղիա Եկեղեցւոյ մէջ ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատոյց Պատրիարքութեանս Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան թանգարանի եւ Սուրբ Թէոդորոս Ձեռագրատան տեսուչ՝ Հոգեշնորհ Տ․ Արշակ Աբեղայ Ղազարեան։ «Հայր մեր»էն առաջ քարոզեց Գերաշնորհ Տ․ Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան։ 

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի կատարուեցաւ Հոգեհանգիստ՝ Արծրունիներու թագաւորական տոհմի եւ Բեկ-Փիրումովներու իշխանական զինուորական տոհմի հետնորդ՝ Էմիլ Փիրումովի հոգւոյ համար։ Ապա կատարուեցաւ Սուրբ Եղիա Եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգուցեալ Էմիլ Փիրումովի նուիրատուութեամբ զետեղուած երկու խաչքարերու օրհնութեան կարգ՝ ձեռամբ Գերաշնորհ Տ․ Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեանի եւ առընթերակայութեամբ Հոգեշնորհ Տ․ Արշակ Աբեղայ Ղազարեանի եւ Սուրբ Եղիա Եկեղեցւոյ տեսուչ՝ Արժանապատիւ Տ․ Տիրայր Քահանայ Յովակիմեանի։

Խաչքարերու օրհնութեան արարողութենէ ետք Հայֆայի Հ․Մ․Ը․Մ․ սրահին մէջ Էմիլ Փիրումովի հոգւոյ համար հոգեճաշ տրուեցաւ, որու ընթացքին դարձեալ խօսք առաւ Գերաշնորհ Տ․ Թէոդորոս Եպիսկոպոս Զաքարեան։

Խաչքարերու նուիրատուն՝ հանգուցեալ Էմիլ Փիրումով, ապրելով եւ աշխատելով Մոսկուայի մէջ՝ մշտապէս կապուած էր հայրենիքին։ Երբ անոր մտերիմ բարեկամ, այժմ Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուղ մեծանուն բարերար՝ Տիար Ռուբէն Վարդանեան Հայաստանի մէջ բարեգործական ծրագիրներ ձեռնարկեց, Էմիլ անմիջապէս փութաց Հայաստան եւ ղեկավարեց Տաթեւի վանական համալիրի «ՏաԹեւեր» կոչուած ճոպանուղիի կառուցումը։ Իսկ կառուցումէն ետք Էմիլի անունը փորագրուեցաւ յուշատախտակին, իբրեւ բարեգործներէն մին։ Անոր մասնակցութեամբ կառուցուած է նաեւ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը։ 

Ան վեց տարիներ ապրեցաւ Իսրայէլի մէջ եւ անվերջ բուժումներէ եւ քիմիոթերապիաներէ ետք չկարողացաւ յաղթել չարաբաստիկ հիւանդութեան։

Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ։

«Երանի՜ որ ունիցի յիշատակ ի սիոն»