image
Հրատապ լուրեր:

Լարուածութիւն եւ շիշերու տարափ պատգամաւորներու միջեւ (Տեսանիւթ)

  Լարուածութիւն եւ շիշերու տարափ պատգամաւորներու միջեւ (Տեսանիւթ)

Այսօր Ազգային Ժողովին մէջ ընթացք առած նիստը առկախուեցաւ տիրող լարուած մթնոլորտին հետեւանքով։ 

 

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք ՀՀ Ազգային Ժողովի հեռահաղորդման ուղիղ կապին միջոցաւ։ 

 

 Նշենք, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան պատգամաւոր Հայկ Սարգսեանի խօսքի պահուն պատգամաւորներ սկսան շիշեր նետել վերջինիս ուղղութեամբ երբ ան խօսեցաւ գումարի դիմաց բանակէն ազատելու գործընթացներու մասին, որ ըստ իրեն եղած են  զիրենք նախորդած իշխանութեանց օրօք։

 

 Ուղիղ եթերը ընդհատուեցաւ եւ մինչեւ այս պահը Ազգային Ժողովի նիստը կը շարունակէ մնալ առկախուած։

 

 Տեսանիւթը՝ «Ֆաքթոր» կայքէն։