Երեւանի մէջ անհնազանդութեան գործողութիւնները, փակուած են շարք մը փողոցներ:
Քիեւեան կամուրջը փակուած է պեթոնախառնիչ, բեռնատար մեքենաներով: Քիչ անց այդտեղ եկած են սեւ ու կարմիր պերեթներով ոստիկաններ, որոնք անմիջապէս սկսան բերման ենթարկել գործողութեան մասնակիցները:
Գործողութեան մասնակիցները օգտուելով առիթէն փոխադրակառքը օգտագործեցին որպէս հարթակ ու սկսան վանկարկել «առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Քիեւեան կամուրջը մասնակի բացուեցաւ, սակայն պեթոնխառնիչ բեռնատարը այդտեղ է: