Օրերս մահացած է ամերիկահայ արուեստագէտ, քանդակագործ Չարլի Խաչատուրեանը: Չարլի Խաչատուրեանը մեծ ներդրում ունեցած է նաեւ հայաստանեան ժամանակակից արուեստի զարգացման գործին մէջ, երբ անկախութենէն ետք Հայաստանի մէջ հիմնած է առաջին մասնաւոր պատկերասրահը:
Իբրեւ կայացած արուեստագէտ Չարլի Խաչատուրեան հայաստանեան արուեստի դաշտ մտած է դեռ խորհրդային տարիներուն, երբ արտասահմանէն գալով Հայաստան, 1980-ականներուն մասնակցած է իջեւանեան քանդակի սիմփոզիումներուն: Որոշ շրջան մը Չարլի Խաչատուրեան ապրած է Հայաստանի մէջ, ստեղծագործած է հայաստանեան միջավայրի մէջ եւ ինքն ալ, ժամանակակից արուեստագէտներու հետ հայրենիքի մէջ ստեղծած է արուեստի միջավայր: Արուեստագէտը կ'աշխատէր հողով եւ այլ նիւթերով, ունէր իր ուրոյն ոճը:
Չարլի Խաչատուրեան ծնած է Նիւ-Եորքի մէջ, մասնագիտական կրթութիւն ստացած է ծննդավայրին եւ Լոս-Անճելըսի մէջ, ձեռք բերելով MFA (արուեստներու մագիստրոսի) բարձրագոյն վկայական: Մինչեւ քանդակագործութիւնը զբաղուած է նաեւ լուսանկարչութեամբ:
Լուսանկարը՝ Արեգ Բալայեանի