Արարատեան դաշտին եւ անոր նախալեռներուն, Վայոց ձորի նախալեռներուն, Սիւնիքի հովտային շրջաններուն եւ Երեւանի մէջ առկայ է եւ կը սպասուի բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ:
Հանրապետութեան տարածքին`
Օգոստոսի 5-6-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, 7-9-ի կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի անձրեւ եւ ամպրոպ, առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։
Քամին՝ հարաւ-արեւմտեան՝ 5-10 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում` 15-20 մ/վ արագութեամբ։
Երեւան քաղաքին մէջ՝
Oգոստոս 5-6-ը, 8-9-ը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Օգոստոս 7-ի երեկոյեան ժամերուն առանձին հատուածներու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ հնարաւոր է քամիի ուժգնացում` 18-20 մ/վ արագութեամբ: