image

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ․ օդի ջերմաստիճանը էապէս պիտի չփոխուի

Կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ․ օդի ջերմաստիճանը էապէս պիտի չփոխուի

 

Երեւան քաղաքի մէջ Օգոստոս 15-ի երեկոյեան, 16-ի երեկոյեան եւ 17-ի գիշերը քաղաքի առանձին հատուածներուն մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպներու ժամանակ՝ քամիի ուժգնացում՝ 18-23 մ/վրկ արագութեամբ։ 

Օգոստոս 16-ի գիշերը, 17-ի ցերեկը եւ 18-20-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Օգոստոս 15-20-ին երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։

Հանրապետութեան տարածքին Օգոստոս 15-ին կէսօրէ ետք, 16-20-ին գիշերը եւ կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ 15-17-ին առանձին վայրերու մէջ տեղումները պիտի ըլլան հորդառատ, հնարաւոր է կարկուտ։

Քամին՝ հիւսիս-արեւելեան եւ արեւելեան, 4-7 մ/վ արագութեամբ։ Ամպրոպներու ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 20-25 մ/վրկ արագութեամբ։

Օգոստոս 15-20-ին Արմաւիրի մարզին մէջ, Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն, Շիրակի մարզի առանձին հատուածներուն մէջ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20 մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը էապէս պիտի չփոխուի։