image

Կը սպասենք՝ Իսրայէլը մտնէ Լիբանան, գիշեր-ցերեկ կը սպասենք անոնց հրասայլերը, կ՚ըսենք՝ «բարի գալուստ». «Հըզպալլա»-ի ղեկավարը՝ Նաթանիահուին

Կը սպասենք՝ Իսրայէլը մտնէ Լիբանան, գիշեր-ցերեկ կը սպասենք անոնց հրասայլերը, կ՚ըսենք՝ «բարի գալուստ». «Հըզպալլա»-ի ղեկավարը՝ Նաթանիահուին

Իսրայէլը երբեք չի կրնար իր վերաբնակիչները վերադարձնել երկրի հիւսիս. այս մասին ըսած է լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման ղեկավարը՝ դիմելով Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին:

«Իրականութեան մէջ, մենք ալ աւելի շատ իսրայէլցիներ կը վտարենք իրենց տուներէն», - սպառնացած է Նասրալլան։

2023-ի հոկտեմբերին Իսրայէլի հիւսիսէն 150,000 բնակիչ տարհանուած էր «Համաս»-ի յարձակումէն ետք: Նաթանիահուն բազմիցս յայտարարած է, որ իր նպատակն է այս մարդոց իրենց տուները վերադարձնելը, բայց անվտանգային լարուած իրավիճակը թոյլ չի տար:

«Կը սպասենք, որ Իսրայէլը մտնէ Լիբանան, գիշեր-ցերեկ կը սպասենք անոնց հրասայլերը, կ՚ըսենք՝ «բարի գալուստ»: Մենք կը կարծենք, որ Լիբանանի տարածք որեւէ ներխուժում պատմական հնարաւորութիւն է, որ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ կռիւի ընթացքի վրայ», -աւելցուցած է «Հըզպալլա»ի ղեկավարը:

Իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ կտրուկ սրած է յուլիս 31-ին Թեհրանի մէջ «Համաս»-ի քաղաքական բիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութենէն ետք, որուն նախորդած էր Պէյրութի մէջ իսրայէլեան հարուածէն «Հըզպալլա»-ի բարձրաստիճան հրամանատար Ֆուատ Շուքրի սպանութիւնը։ Իրանը եւ «Հըզպալլա»-ն խոստացած են վրէժ լուծել անոնց մահուան համար: Իսրայէլն ու «Հըզնալլա»-ն գրեթէ ամէնօրեայ ռեժիմով կը հարուածեն զիրար: