Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հակայարձակումէն սպասելիքներն աշխարհի մէջ կրնայ ըլլալ գերագնահատուած է. այս մասին The Washington Post-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով։
«Աշխարհի մէջ մեր հակայարձակման գործողութենէն սպասելիքները գերագնահատուած են: Մարդոց մեծ մասը կը սպասէ ինչ որ հսկայական բան»,- ըսած է Ռեզնիքով՝ աւելցնելով, որ նման սպասումները կրնան յանգեցնել «յուզումնային հիասթափութեան»:
Պաշտպանութեան նախարարի խօսքով՝ արեւմտեան գործընկերներն իրեն յստակ ըսած են, որ այժմ իրենց պէտք է «յաջողութեան օրինակ»։
«Բայց ես չեմ կրնար ձեզի ըսել, թէ ինչպիսին կ'ըլլայ այս յաջողութեան մաշտապը, տասը քիլոմեթր, 30 քիլոմեթր, 100 քիլոմեթր, 200 քիլոմեթր», - ըսած է Ռեզնիքով:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարը պարզած է, որ, ըստ իրենց ծրագիրին, յարձակման հետեւանքով ոչ միայն կ'ազատագրուին գիւղերն ու քաղաքները, այլ նաեւ կը կտրուին ռուսական բանակի նիւթատեխնիկական ապահովման շղթաները եւ կը նուազին անոնց յարձակողական հնարաւորութիւննները։
Մինչդեռ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին աւելի վաղ հարցազրոյցին ըսած է, որ ուքրանացի զինուորները պատրաստ կ'ըլլան հակայարձակման, երբ Ուքրանիան ստանայ դաշնակիցներուն հետ համաձայնեցուած բոլոր զէնքերը։