Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը յայտարարած է, որ ահաբեկիչներու ուղղութեամբ առանց զգուշացման կրակ բանաու մասին հրաման արձակած է: Այս մասին Ղազախստանի նախագահը նշած է բնակիչներուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ:
Երկրի ղեկավարին խօսքով՝ աւազակային խումբերը կը շարունակեն վնասել հանրապետութեան ունեցուածքը եւ զէնք կիրառել քաղաքայիններուն դէմ։
Յիշեցնենք, որ Ղազախստանի մէջ զանգուածային բողոքի շարժումները սկսան Յունուար 2-էն։ Սկիզբը Ժանաօզէն եւ Աքթաու քաղաքներու բնակիչները դուրս եկան փողոց իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու կազի թանկացման հետ կապուած։ Աւելի ուշ, բողոքի շարժումները տարածուեցան ամբողջ երկրով մէկ եւ վերածուեցան անկարգութիւններու: