Եւրոխորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է Ղազախստանի մէջ յունուարեան իրադարձութիւններուն վերաբերեալ։ Պատգամաւորները կոչ ըրած են միջազգային հետաքննութիւն սկսիլ եւ պատժամիջոցներ սահմանել ղազախստանցի պաշտօնատարներու դէմ՝ մարդու իրաւունքներու խախտումներուն համար։
Բանաձեւը բաղկացած է 27 կէտէ։ Եւրոպացի պատգամաւորները անով կը պնդեն, որ Ղազախստանի իշխանութիւնները բողոքի ցոյցերուն, այդ շարքին՝ խաղաղ, պատասխանեած են «անհամաչափ բռնութեամբ», օգտագործած են «ահաբեկչութիւն» եւ «ծայրայեղականութիւն» եզրերը՝ սահմանափակելու խօսքի ազատութիւնը եւ այլակարծութիւնը։
Նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի՝ «առանց նախազգուշացման կրակել» հրամանը Եւրոխորհրդարանը գնահատած է որպէս «կեանքի իրաւունքը յարգելու եւ պաշտպանելու Ղազախստանի միջազգային իրաւական պարտաւորութիւններու խախտում»: