պոլսոյ համայնքային ութ հիմնարկներ միաւորուելով հաստատեցին կրթաթոշակներու հարցը համակարգող յանձնաժողով մը, նպատակ ունենալով ապահովելու արդար եւ կայուն կրթաթոշակային դրութիւն մը։
Այս մասին
իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն։
Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանի համար 427 աշակերտի կամ ուսանողի պիտի տրամադրուի շուրջ 19 միլիոն լիրայի աջակցութիւն։
Յանձնախումբը, պահպանելով իւրաքանչիւր հաստատութեան ներքին կանոնադրութիւնն ու չափանիշները, հանդիպումներու շարք մը ունեցած է, որպէս արդիւնք փոխադարձ համաձայնութիւն գոյացնելով հիմնական հարցերու շուրջ, այդ կարգին՝
- տրամադրուելիք կրթաթոշակներու գումարի չափի,
- հաստատութիւն-ուսանող եւ բաժին-ասպարէզ համապատասխանութեան
- կրթաթոշակներու չափերու աստիճանաւորման հարցի առնչութեամբ։
Կայացուած որոշումներու համաձայն, կրթաթոշակները կը տրամադրուին երեք տարբեր ամսական մակարդակներով։
Որոշուած է որ համալսարանական նախապատրաստական բաժնի եւ ընդհանրապէս համալսարանական ուսման հետեւող 427 ուսանողներու 19 միլիոն լիրայի կրթաթոշակ տրամադրել տարեկան պիւտճէի համաձայն։ Հիմնական սկզբունքը եղած է այն որ դիմումատու ո՛չ մէկ ուսանող դուրս մնայ համակարգէն։ Դիտել տանք որ համագործակցութեան կը մասնակցին հետեւեալ հաստատութիւնները.
Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդ,
Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդ,
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդ,
ՍԷՎ հիմնարկ,
Թաքսիմի Ս. Յակոբ հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւն
Ուսուցչաց Հիմնարկ,
Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդ,
Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւն։