image
Հրատապ լուրեր:

Կիպրոսի մէջ. Ոգեկոչուած է Մելգոնեան հիմնադիր եղբայրներու յիշատակը.(Լուսանկար)

 Կիպրոսի մէջ. Ոգեկոչուած է Մելգոնեան հիմնադիր եղբայրներու յիշատակը.(Լուսանկար)

 Իրաւացի է, որ Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանը սոսկ կրթական հաստատութիւն մը չէ։ Հայակերտումի լուսաբեր օճախ մը ըլլալէ բացի, Մելգոնեանը սերունդները իրար զօդող, իրար կապող ոսկեայ օղակ մըն է։ Ու այս մօտեցումին ամենավառ ապացոյցն այն է, որ իր փակուելէն աւելի քան տաս տարի անց Մելգոնեանը կը շարունակէ լուսատու փարոս դառնալ, Մելգոնեանցիները քով-քովի բերող կապ ըլլալ, ըլլալ նաեւ ու մանաւանդ ապագայի հանդէպ յոյս ներշնչող իրական, բայց լքուած ամրոց։

Ահա այս ոգիով է, որ Մելգոնեանցիներ երէկ ի մի եկան Նիկոսիոյ սրտին վրայ հաստատուած Աղա Կարապետ եւ Աղա Գրիգորի յիշատակի դամբանին առջեւ եւ վերանորոգեցին իրենց հին-նոր ուխտը։

 Ճիշդ է անոնց թիւը նօսր էր, բայց կարեւորը յոյսի եւ հաւատքի վերանորոգումն էր։

Ի դէպ երէկուայ միջոցառման մասին կարճ լրատւուութիւն մը հրապարակուած է Կիպրոսի Մելգոնեանի բարեկամներ  դիմատետրի էջին վրայ, ուրկէ մասնաւորապէս կը կարդանք՝

 

Այսօր 15 Յունուար 2023-ին Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Սուրբ եւ անմահ պատարագին տեղի ունեցաւ Կարապետ եւ Գրիգոր Մելգոնեան եղբայրներու հոգեհանգստեան պաշտօնը: 

Հոգեհանգիստէն ետք օրուան եղանակը ակնկալուած անբարեհաճ եղանակը չըլլալուն պատճառաւ, գոհացուցիչ թիւով ՄԿՀ շրջանաւարտներ ու գաղութի անդամներ հաւաքուեցան Մելգոնեան եղբայրներու դամբանին առջեւ: Հայր Մեր տէրունական աղօթքի երգեցողութիւնէն ետք, երգուեցաւ ՄԿՀ քայլերգը ապա տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում յատկացուած ՄԿՀ 1979-ի շրջանաւարտ անձի կողմէ: Պէտք է յիշել, թէ Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչը զետեղեց իր անձնական ծաղկեփունջը:

Հոգեհանգստեան պաշտօնին եւ Մելգոնեան եղբայրներուն դամբանը ներկայ էր Հայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Մահտեսեանը ու իր տիկինը ինչպէս նաեւ Կիպրոսի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը, ՄԿՀ շրջանաւարտներ եւ գաղութի անդամներ: 

Առաւել եւս կը փափաքինք տեղեկացնել, թէ հոգեճաշ տեղի ունեցաւ Գալայճեան Երէցներու Հանգստեան Տան մէջ: