image

Խումբ մը հալէպահայեր պիտի գիշերեն ինքնաշարժներու մէջ

   Խումբ մը հալէպահայեր պիտի գիշերեն ինքնաշարժներու մէջ

 

 Խումբ մը հալէպահայեր մտահոգ ըլլալով Հալէպի մէջ տիրող իրավիճակով որոշած են գիշերել ինքնաշարժներու մէջ։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ մեր հայրենակիցները իրենց ինքնաշարժներով յետմիջօրէին եղած յետ-ցնցում երկրաշարժէն ետք որոշած են ուղղուիլ Շէյխ Մաքսուտ շրջան, ուր կան բաց տարածութիւններ եւ ուր կը գտնուի Հալէպի Ազգային Գերեզմանատունը։

Անոնք իրենց հետ տարած են նախնական օգտագործման իրեր, սնունդ եւ ըմպելի ջուր։

 Յիշեցնենք, որ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը մեծապէս զգացուած էր Հալէպի մէջ, ուր ինկած էին հարիւրաւոր զոհեր, փլուզուած էին տասնեակ շէնքեր եւ վիրաւորներուն թիւը անցած էր 2400-ը։

 

 

 Լուրը  եւ լուսանկարները՝  «Արեւելք»ի։