image
Հրատապ լուրեր:

Խմբագրական «Պայքար»ի. Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը փնտռէ իր օրակարգը

Խմբագրական «Պայքար»ի. Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը փնտռէ իր օրակարգը

Ամէնէն անմիտ, նուաստացուցիչ եւ յուսահատական հարցադրումն է անհատի կամ խմբաւորման ուղղուած թէ` ան նիկոլակա՞ն է թէ քոչարեանական, իշխանամէ՞տ է թէ ընդդիմադիր: Բոլոր անոնք որ կը դաւանին մէկ կամ միւս կողմին հակիլ, կը նշանակէ որ կը խուսափին պատասխանատուութենէ եւ թէ դատելու իրենց իրաւունքը զիջած են կողմերուն եւ հրաժարած են վերլուծելու եւ ինքնուրոյն կարծիք ունենալու իրաւունքէն: Անոնք կը սպասեն որ Փաշինեանը կամ Քոչարեանը իրենց փոխարէն մտածեն, դատեն եւ հրաւիրեն զիրենք որ որդեգրեն այդ դատողութիւնը: Արժանապատուութեան տէր որեւէ հայու համար նուաստացուցիչ պէտք է ըլլայ հետեւակի այդ իրավիճակը:

Մեզի համար գերագոյն ճշմարտութիւնը Հայաստանն է. մեր դատողութեան ելակէտը ու վախճանակէտը Հայաստանի շահն է: Մտածող հայու պարտականութիւնն է իր ձեռքին ունենալ դատելու եւ անհատական կարծիք ունենալու իրաւունքը: Երբ ճշմարտութեան նկատմամբ կ'որդեգրենք այսպիսի աննախապաշար դիրքորոշում եւ դատելու իրաւունքը կը դարձընենք մեր անձնական սեփականութիւնը, այդ պարագային կ'ունենանք անխախտելի իրավիճակ` լաւին լաւ ըսելու եւ վատին` վատ: Նաեւ քննադատելու կամ գնահատելու ոեւէ կողմ առանց վախի եւ առանց մտահոգութեան որ կրնանք պիտակաւորուիլ այս կամ այն կողմին ի հաշիւ:

Դժբախտաբար Հայաստանի բնակչութիւնը բեւեռացուած է եւ կը բզկտուի երկու հակադիր ոյժերու միջեւ եւ կարծէք իրաւունք ալ չունի անկախ դատողութեան. Թէ՛ ընդդիմութիւնը եւ թէ՛ իշխանութիւնը հսկայ գումարներ կը վատնեն իրար վարկաբեկելու. երկու կողմերն ալ ունին առողջ ֆինանսաւորումով արդիական լրամիջոցներ իրար վարկաբեկելու եւ իրար քանդելու: Երեւակայեցէք ինչ կը պատահէր եթէ այդ կազմակերպեալ արդիական լրատու միջոցները միանային եւ իրենց կրակը թափէին թուրքին եւ ազերիին գլխուն:

Կողմերը ունին յատուկ բառամթերք, նոյնիսկ բառարաններ: Ունին ուժեղ եւ տկար թմբկահարներ. բոլորն ալ կ'օգտուին վիճակէն պատրաստըւած, պատուիրուած բառամթերքէն: Անճարակ խօսնակները հում կերպով կ'օգտագործեն այդ բառամթերքը իսկ աւելի շնորհալիները, միեւնոյն բառարանը կ'օգտագործեն աւելի հմտօրէն, կատարելագործուած ձեւով, գունագեղ ճարտարութեամբ:

Իշխանութեան եւ իշխանամէտ կայքերու բառարանը հետեւեալն է` ուղղուած նախկիններուն – թալանչիներ, օլիկարխներ, կորումբացուածներ, որոնք կողոպտեցին Հայաստանը. իսկ աւելի քաղաքակիրթ խօսնակներու բառամթերքով «բատիդ»ներ, «չեկիստ»ներ եւ այլն:

Իսկ ընդդիմադիրներուն բառամթերքը` «թուրքի լամուակ», «կաբիդուլանտ», «Արցախը վաճառող» եւ այլն:

Դժբախտաբար այս անբովանդակ բառակռիւները որոնք զուրկ են վերլուծումէ ժողովուրդը իրազեկելու պատասխանատուութենէն` զոմպիացուցած են զանգուածները, որոնք իրենց հերթին ճահիճի կը վերածեն ընկերային բարքերը` մորթոտելով հայ լեզուն եւ անցնելով լպիրշութեան ամէն սահման:

Կողմերը յարգանք չունին լուռ մեծամասնութեան նկատմամբ – չեն ալ հարցներ թէ ի՜նչ կը մտածէ ան, քանի անոր մտածածն ալ արժէք չունի` որովհետեւ այս վերջինը կը մերժէ ոչխարամտութիւնը եւ կը փորձէ պատգամ մը տալ իր լռութեամբ:

Պէտք է ըսել որ ամէնէն ծանրակշիռ ձայնը լուռ մեծամասնութեան լռութիւնն է – գերակշիռ է անոր դատողութիւնը Հայաստանի ճակատագրին վրայ, որովհետեւ ան կը քուէարկէ իր ոտքերով. իր ընտանիքին ապագան եւ իր զաւակներուն ճակատագիրը չի վստահիր Փաշինեանին, ոչ ալ` Քոչարեանին: Այլ լուռ ու մունջ կը հաւաքէ իր ընտանիքը եւ կը լքէ Հայաստանի հողը: Այդ լքողները զանգուած մըն են որոնք իրենց լուռ պատգամով կը տնօրինեն երկրին ճակատագիրը. թող զոմպիացողները շարունակեն իրենց բովանդակազուրկ քարոզները: Ան որ չէ զզուած լսելէ «թալանչի» կամ «կապիտուլանտ» որակումները կը նշանակէ որ կորսնցուցած է իր հոգեբանական հաւասարակշռութիւնը:

Այս իմանալէ ետք, թող ոչ ոք փորձէ պիտակաւորել մեր մամուլը, կամ զայն տեսնել այս կամ այն կողմի պիտակաւորման կամ ծառայութեան ներքեւ:

Հայաստանը կրեց ահաւոր պարտութիւն մը, եւ անկարելի չէ որ գտնուի նոր մարտահրաւէրներու դիմաց: Չխաբենք իրար եւ ոչ ալ մենք մեզ ուղիղ նայելու ճշմարտութեան երեսին եւ ընդունելու թէ կորսուած է Արցախը: Պարզապէս պէտք չէ պարտուէինք պատերազմին: Հիմա պէտք է հաշուի նստինք անոր հետեւանքներուն հետ եւ դարմանը վստահաբար փոխադարձ որակումներու անբովանդակ պատկերին մէջ չէ:

Սկսած են բանակցութեան դժուարին գործընթացներ Թուրքիոյ եւ Ատըրպէյճանի հետ եւ Փաշինեանի անփորձ վարչակարգի ուսերուն վրայ է դարակազմիկ բանակցութիւններէն դուրս գալու պատասխանատուութիւնը: Ինչպէս առաջին նախագահը` Լեւոն Տէր Պետրոսեան վերջերս յայտարարեց` ընդդիմութեան յառաջացուցած տագնապը միայն կրնայ դժուարացնել ընթացող բանակցութիւնները:

Ընդդիմութիւնը նախ կրկէսի վերածեց Ազգային Ժողովը` գունաւոր շապիկներ հագնելով, շիշեր նետելով (Սէյրան Օհանեան) եւ մանկապարտէզային շարքերով ժողովէն հեռանալով:

Իշխանութիւնը իր կարգին չի յաջողիր կրկէսին մասնակցելու փորձութենէն եւ մոռնալ ու լքել պետական մարդու իր կեցուածքը: Նոյնիսկ վարչապետը չի վարանիր ընդդիմութեան օրերու իր վարքը ցուցաբերելէ: Խորհրդարանի նախագահը` Ալէն Սիմոնեան առիթ չի բախցներ սրախօսութիւններով սպառնալիքներ թափելու ընդդիմութեան գլխուն իսկ իշխանութեան հայհոյաբանութեան խօսնակ դարձած է Վահագն Ալեքսանեանը:

Չկայ ձայն մը որ պոռայ - «լրջացէք, պարոններ եւ տիկնայք, երկիրը տակ կ'երթայ ...»:

Խորհրդարանական ընդդիմութիւնը ատենէ մը ի վեր կը պատրաստուէր հրապարակ իջնել, զանգուածները ոտքի հանել եւ պահանջել Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ապրիլ ամսուան վերջին օրերուն սկսած ցոյցերը (հայաստանեան օտարաբանութեամբ` ակցիաները) եւ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի նախատեսութիւններով` շարժումը պիտի հասնէր իր գագաթնակէտին Մայիսի մէկին. հասաւ Մայիս մէկը եւ ակնկալուած զանգուածները չգոյացան: Իրազեկուած Քաղաքացիներու Խմբաւորումը (որ իշխանամէտ շարժում մըն է) ցուցարարներուն թիւը սահմանեց 12,500. մինչ ընդդիմադիր շարժումը կը յաւակնէր 40,000ի թիւ մը. հետեւաբար իրականութիւնը պէտք է փնտռել երկուքին միջինին մէջ:

Փաշինեանը յաջողած էր համախմբել այդ թիւերուն տասնապատիկը, որովհետեւ ան իր կարգախօսը սահմանած էր երկու կիզակէտային նպատակի վրայ - «մերժիր Սերժին» եւ «վերջ տալ թալանին». այս վերջին կարգախօսը կրկնուելով ու կրկնուելով կարծէք թանձրացաւ «խելագարուած ամբոխներ»ու երեւակայութեան մէջ որ յեղափոխութեան յաջորդ օրն իսկ ժողովուրդը պիտի բնակէր Յովիկ Աբրահամեանի պալատին մէջ կամ սեփականատէրը պիտի դառնար Ծառուկեանի շաղախի (սիմենթ) գործարանին:

Ընդդիմութիւնը, հակառակ որ գործածեց Փաշինեանի մարտավարութիւնը, սակայն չյաջողեցաւ համոզել զանգուածները, որովհետեւ համոզիչ բովանդակութիւն չունէր իր պատգամը: Շատեր սկսան մտածել` ի՞նչ պիտի պատահի եթէ հրաժարի Նիկոլ Փաշինեանը, ի՞նչ է յաջորդ փուլը, ի՞նչ է ծրագիրը:

Յետոյ, ընդդիմադիր ճակատը չունեցաւ Նիկոլի նման քարիզմաթիք դէմք մը: Մէկ կողմէ Ազգային Ապահովութեան Ծառայութեան նախկին պետը` Արթուր Վանէցեան, հազիւ թէ յաջողէր կրակ դնել իր խօսքին մէջ: Մանաւանդ Ազատութեան հրապարակի իր նստացոյցերէն մէկուն ընթացքին պատասխանեց լրագրողի մը հարցումին ըսելով. «Եթէ չյաջողի այս շարժումը` ես գործ չունեմ Ազգային Ժողովում»: Յեղափոխութեան ղեկավար մը երբ ճամբայ կ'ելլէ «եթէ»-ով` արդէն կորսնցուցած է իր դատը:

Ընդդիմութեան միւս առաջնորդը Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն էր, որ հակառակ իր հռետորական շնորհներուն իր հետ կը բերէր իր կուսակցութեան բեռը: Որովհետեւ` այդ կուսակցութիւնը, հակառակ իր յեղափոխական անցեալին նախորդ 20 եւ աւելի տարիներուն իշխանաւորներու լափամանին բաժնեկից դարձած էր, վշտացնելով մինչեւ անգամ սփիւռքի իր գաղափարակիցները: Ամէն անգամ որ Դաշնակցութիւնը մասնակցած էր ընտրութեանց` քուէարկողներու 2-3 տոկոսէն աւելին չէր կրցած ապահովել: Եւ այս անգամ կու գար սեփականացնել աւելի լայն, համազգային շարժումի մը ժողովրդականութիւնը:

«Պատիւ ունեմ» եւ «Հայաստան» խմբաւորումները որոնք կը վայելէին Ռոպէրթ  Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի հովանաւորութիւնը, երկգլխանի ղեկավարութիւն մը կը դրսեւորէին. ոչ մէկ ցոյցին կարելի եղաւ տեսնել երկու ղեկավարները կողք-կողքի. բան մը` կը դրսեւորէր երկու խմբաւորումներուն ներքին հակասութիւնները:

Ընդդիմութիւնը կ'ամբաստանէր վարչապետը որ Արցախը յանձնած է Ատրպէյճանին – դատողութիւն ունեցող քաղաքացին տեսաւ որ Արցախը Փաշինեանի տիրապետութեան ներքեւ չէր որ յանձնէր Ատրպէյճանին. Արցախի հողը արդէն երեք քառորդով անցած էր Ատրպէյճանին, իսկ մնացեալ մասին ճակատագիրն ալ կը գտնուի Մոսկուայի իշխանութեան տակ: Այս լոյսին տակ դատարկ կարգախօսներու կը վերածուէին «Առանց Նիկոլի Հայաստան» եւ «Առանց թուրքի Հայաստան» կոչերը:

Ոստիկանութիւնն ու բանակը ոչ մէկ համակրանք ցուցաբերեցին ցուցարարներու նկատմամբ: Ոստիկանութիւնը առաւելագոյն զսպուածութեամբ յաջողեցաւ բանալ փակուած ճամբաները եւ ցրուել ցուցարարները, թէեւ արձանագրուեցան բռնութեան կարգ մը դէպքեր:

Ի մի բան` ընդդիմութիւնը չյաջողեցաւ զանգուածները համոզող եւ զանգուածները շարժող օրակարգ մը պարզել:

Սակայն, բոլոր երեւոյթները փրկելու ճիգով հանդերձ իշխանութիւնն ալ չկրցաւ պահել իր ներքին տագնապը եւ չբաւարարուեցաւ մամուլի իր թմբկահարներուն ռմբակոծումներով եւ գործի լծեց նաեւ Ազգային Ժողովի իր անդամները:

Եթէ լրջութեամբ մօտենանք Հայաստանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, արդարացի պիտի գտնենք Տէր Պետրոսեանի զգուշացումն ու խորհուրդը, որ պատմական այս ծանր պահուն` խոհեմութիւն չէ ներքին խռովութիւններ ստեղծելը, մանաւանդ խմբաւորումի մը կողմէ որ չէ յաջողած յստակ փլաթֆորմ մը պարզել ժողովուրդին:

Եթէ ընդդիմութիւնը գտնէ իր օրակարգը, թող բարի ըլլայ իմացնել մեզի:

Բայց մանաւանդ` իրազեկէ Հայաստանի հանրութիւնը: