image

Խմբագրական «Պայքար»ի. Աղէտի մը քաղաքականացումը

Խմբագրական «Պայքար»ի. Աղէտի մը քաղաքականացումը

Աղէտի մը քաղաքականացումը

Այս օրերուն Հայաստանի մէջ ինչ որ ալ պատահի կը վերածուի քաղաքական հարցի կամ կը մեկնաբանուի քաղաքական հարթակի վրայ: Հետեւաբար զարմանալի չէր որ Սուրմալու շուկային պայթումը ունենար իր քաղաքական արձագանգները: Հակառակ որ իշխանութիւնները առաջին օրերուն յայտարարեցին թէ պայթումը հետեւանքը չէր ահաբեկչական արարքի մը, սակայն լրատու եւ ընկերային ցանցերուն մէջ առատ էին տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնները: Այսօր Հայաստանի մէջ սովորութիւն կամ սովորամոլութիւն դարձած աւանդութեամբ մը ամէն մեկնաբանող իր նախասիրած նիւթին ծիրէն ներս կը մեկնաբանէր պատահած աղէտը: Քիչերն են որ պատճառը կը վերագրէին հայկական թափթփածութեան: Սովորութիւն մը Հայաստանին բերաւ վերջին պատերազմին պարտութիւնը:

Միայն լուսանցքային քանի մը խմբաւորումներ պայթումը վերագրեցին Ռուսաստանի, ինչպէս Ազգային Ժողովրդական Բեւեռը: Արդարեւ, այդ շարժումի ղեկավարներէն Գարեգին Չուքասզեան յայտարարեց թէ ՙօտար ոյժեր կանգնած են այս արարքին ետին հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու Արցախի մէջ կատարուելիք մօտալուտ մաքրագործումներէն՚: Բեւեռի ուրիշ համակիր մը դիմատետրի մէջ աւելցուցած է. ՙՌուսերը պիտի պայթեցնեն Հայաստանի կէսը հրավառութիւններով` մինչեւ անոր անձնատուութիւնը՚:

Բայց Բեւեռի շրջանակներէն միայն հատուկենտ վերագրումներ կատարւած էին ռուսերուն: Մինչ մամուլի գլխաւոր օրկանները այնքան ալ ուշագրաւ վերագրումներ չէին ըրած Ռուսաստանին: Այսուհանդերձ, Մոսկուա դիմեց բուռն բողոքի մը, պահանջելով Հայաստանի իշխանութիւններէն որ զսպեն նման թշնամական վերագրումներ: Այսպէս, Ռուսաստանի դեսպանութիւնը Երեւանի մէջ բողոք մը ուղղեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ըսելով. ՙՄենք զայրացած ենք այն կեղծ եւ ցինիք հաղորդումներով որոնք լոյս կը տեսնեն տեղական մամուլին մէջ ռուսաստանեան կառոյցներուն վերագրելով Օգոստոս 14ին, Սուրմալու շուկային մէջ պատահած ողբերգութեան: Մենք ասիկա կը նկատենք ուղղակի գրգռութիւն` այն ամբաստանութեանց ետին կանգնող քաղաքական ոյժերուն կողմէ որոնք կը նպատակադրեն ականահարել ռուս-հայկական յարաբերութիւնները: Մենք կ'ակընկալենք հայկական իշխանութիւններէն որ քայլեր առնեն դադրեցնելու համար նման ոչ-բարեկամական ելոյթներ, ներառեալ` հանրային մեկնաբանութիւնները՚ Իր հերթին Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուական բաժնի փոխ տնօրէնը Իվա Նաչեւ աւելցուց. ՙՄենք կը սպասենք պատասխանի՚:

Ռուս վերլուծաբան Սթանիսլաւ Թարասով, որ ծանօթ է իր յաճախակի հայանպաստ ելոյթներով, անդրադառնալով այս երեւոյթին գրեց. ՙՀայաստանի իշխանութիւնները, տարբերուելով Ալիեւէն, չյաջողեցան շահիլ ռուս դաշնակիցին վստահութիւնը՚:

Ահա այստեղ է որ թաղուած է շան գլուխը: Այս պայթումը պարզ առիթ մը հանդիսացաւ Ռուսաստանին բացայայտելու իր դժգոհութիւնը Հայաստանի նկատմամբ:

Կողմնակի խմբաւորումներու արտայայտութեան դիմաց անհամեմատօրէն զօրաւոր էր ռուսական հակազդեցութիւնը, յայտնաբերելով որ Հայաստանի մէջ այլապէս ալ զօրացող հակառուսական դրսեւորումները սկսած են վրդովեցնել Մոսկուան:

Այլապէս, լուսանցքային խումբի մը դրսեւորումներուն համար ինչո՞ւ պէտք էր պատասխանատու նկատել Հայաստանի իշխանութիւնները: Յետոյ, գոյութիւն ունի խօսքի եւ մամուլի ազատութիւն ըսուած հասկացողութիւնը: Հայաստանի մամուլը միջազգային չափանիշներով կը նկատուի ազատ մամուլ: Այլ պատմութիւն է որ ոմանք մամլոյ ազատութեան լոզունգին տակ կը կատարեն ամէն կարգի ստորնութիւններ:

Միւս կողմէ, Մոսկուայի մէջ գոյութիւն ունի ատրպէյճանամէտ եւ հակահայ մամուլ մը, որուն արտայայտութեանց համար Հայաստան բողոք չէ բարձրացուցած, ոչ ալ պէտք էր բարձրացներ, նկատի ունենալով մամուլի ազատութեան սկզբունքը:

Յիշենք նաեւ Մոսկուայի անճահ մէկ ելոյթը, երբ Գանատան որոշեց դեսպանատուն բանալ Հայաստանի եւ կարգ մը պալթեան երկիրներու մէջ: Մոսկուա պահանջեց Երեւանէն որ բողոք ներկայացնէ Գանատային, երբ արդէն Հայաստանի առջեւ նոր հորիզոններ կը բացուէին Գանատայի այս որոշումով:

Յայտնի է որ Մոսկուա կը չափազանցէ իր վրդոված ըլլալու հանգամանքը, քողարկելու կամ արդարացնելու համար իր գալիք սադրանքները: Բնականաբար Ռուսաստանի համար հաճոյ չէր որ հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները ձգին դէպի Պրիւքսէլ, Ռուսաստանի հակակշիռէն դուրս:

Հայաստանի մէջ հակառուսական տրամադրութեանց յառաջացման բուն պատճառը Մոսկուայի որդեգրած վերաբերումն է Հայաստանի եւ Արցախի նկատմամբ, անշուշտ նաեւ քաջալերուած արեւմտամէտ շրջանակներէն: 44օրեայ պատերազմէն ետք ատրպէյճանական ոյժերը 45 քառ. քլմ. հողատարածք գրաւեցին Հայաստանէն, բախումներ յառաջացուցին Արցախի շուրջ, զոհեր խլելով հայկական կողմէն. եւ այս` ռուս խաղաղապահ ոյժերու անտարբեր հայեացքին ներքեւ: Իսկ Հայաստանի բողոքը այս բռնաբարութեանց կապակցութեամբ հեգնանքի արժանացաւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ, երբ ան մամլոյ ասուլիս մը կու տար Քամպոճի մէջ:

Սակայն, ամէնէն բացայայտիչը Ալեքսանտր Տուկինի խոստովանութիւնն էր: Տուկին վերլուծաբան եւ քաղաքական մեկնաբան մըն է, յայտնի ռուսական կայսերապաշտութեան իր տեսութիւններով: Ինչպէս ծանօթ է` անոր դուստրը վերջերս զոհ դարձաւ ահաբեկչական արարքի մը, Մոսկուայի մէջ: Տուկին երբեմն նաեւ կը նկատուի նախագահ Փութինի անպաշտօն խօսնակը: Ան 44օրեայ պատերազմին անդրադառնալով հայկական լրատուամիջոցներուն ըսած է որ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան խոստացած էր Ատրպէյճանին վերադարձնել հինգ շրջաններ` նախագահ Փութինի թելադրութեամբ. սակայն, ՙԹաւշեայ յեղափոխութեամբ՚ իշխանութեան գալով Նիկոլ Փաշինեան չէր իրականացուցած այդ խնդրանքը: Հետեւաբար, ըստ Պր. Տուկինի նախագահ Փութինին կը մնար հրահրել 44օրեայ պատերազմը:

Ինչպէս կը տեսնուի, ռուսական կողմը, այսպիսի սադրանքներէ եւ յայտարարութիւններէ վերջ կ'ակնկալէ որ հակառուսական տրամադրութիւնները չզօրանան Հայաստանի մէջ:

Սակայն, ամէնէն վտանգաւոր հանգրուանը պիտի կայանայ յառաջիկայ օրերուն երբ կը սպասուի որ Փութինի ճնշումով Հայաստան կատարէ անկարելի եւ ճակատագրական զիջումներ: Օգոստոս 31ին կ'ակնկալուի Փութին-Փաշինեան-Ալիեւի գագաթաժողովը Մոսկուայի մէջ: Այնտեղ զոհասեղանին դրուած է Զանգեզուրի միջանցքի խնդիրը: Հակառակ որ ռուսական իշխանութիւնները քանիցս կրկնած են որ բացուելիք ճանապարհները պիտի վերահսկուին համապատասխան երկիրներու իշխանութեանց կողմէ եւ հակառակ Պր. Սերկէյ Լաւրովի երաշխաւորութեան թէ ՙերկմտութիւն պէտք չէ ըլլայ ճանապարհներու վերահսկողութիւնը պիտի կատարուի համապատասխան իշխանութեանց կողմէ՚: Այս բոլորով հանդերձ նախագահ Փութինի զիջումները Ատրպէյճանին եւ անտարբերութիւնը հայկական բողոքներու նկատմամբ ենթադրել կու տան որ յիշեալ հանդիպման նախագահ Փութին Զանգեզուրի հարցով ատրպէյճանամէտ դիրք մը պիտի բռնէ, անելի մատնելով վարչապետ Փաշինեանը: Փութինի այս կեցուածքը, Հայաստանէն անդին, կը վերաբերի նաեւ Իրանին: Ռուս-Ուքրանական պատերազմին հետեւանքով` Ռուսաստան հակադարձելով Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն` զէնքի վերածած է իր կազի եւ քարիւղի պաշարները: Սակայն, անգամ մը որ Իրան ստորագրէ հիւլէական ոյժի պայմանագիրը եւ դուրս գայ պատժամիջոցներու ցանցէն` լուրջ մրցակից մը պիտի դառնայ Ռուսաստանին` վաճառելով իր քարիւղի պաշարները Արեւմուտքին: Զանգեզուրի ճակատագրով մտահոգուած է նաեւ Իրանը որուն ճամբան կրնայ փակուիլ եթէ Ատրպէյճան յաջողի իր նպատակին մէջ: Ատրպէյճանի գրաւած հողերուն պատճառաւ ոչ միայն տուժեց հայկական կողմը, այլ նաեւ Իրանը, որուն սահմանը աւելի եւս բացուեցաւ իսրայէլեան հետախուզութեան դիմաց:

Այդ պատճառաւ է որ Իրան պարզեց իր ՙկարմիր գիծերը՚ երբ Պաքու սկսաւ պնդել Զանգեզուրի միջանցքին վրայ:

Այսօր միջազգային ոյժերու բախում մը տեղի կ'ունենայ որքան Հայաստանի նոյնքան Կովկասի մէջ: Եւ պարզ աղէտ մը, իր արձագանգներով կու գայ դրսեւորել ու պարզել ամբողջ էութիւնն ու տարածքը մղուող այդ ճակատամարտին: