image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Նոր Տարին կը դիմաւորենք ակնկալիքներով ու մաղթանքներով

 Խմբագրական «Մասիս»ի. Նոր Տարին կը դիմաւորենք ակնկալիքներով ու մաղթանքներով

Հրաժեշտ կու տանք 2021 տարուան, որ  լի էր աշխարհի ու մարդկութեան համար վերիվայրումներով ու տագնապներով, որոնցմէ բաժին հասաւ իւրաքանչիւր անհատի ու հաւաքականութեան: Երկրորդ տարին ըլլալով համաճարակը շարունակեց աւերներ գործել երկրագունդի ամբողջ տարածքին, ուր զոհերու թիւը գերազանցեց հինգ միլիոնի սահմանները` դառնալով մարդու պատմութեան ամենէն մահացու հիւանդութիւններէն մէկը: 

Առողջականի հետ մեկտեղ ընկերային ու տնտեսական հարցերը շարունակեցին խաթարել շատերու հոգեվիճակները, իսկ հորիզոնի վրայ չեն երեւար բնականոն կեանքին վերադառնալու յոյսի նշոյլներ` հակառակ պատուաստի բազմաթիւ տեսակներու առկայութեան: Շատ-շատեր, որոնց շարքին դժբախտաբար մեծ թիւ հայեր, Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին շարունակեցին ընդդիմանալ պատուաստումին` վտանգելով իրենց ու շրջապատի առողջութիւնն ու կեանքը:

Անցնող տարին եւս Հայաստանի համար եղաւ դժուարին ու ծանր տարի մը: Պատերազմի հետեւանքները մնացին  չյաղթահարուած` հակառակ հայրենի իշխանութիւններու բոլոր ջանքերուն: Ազերի թշնամին շարունակեց բռնաբարել մեր սահմանները` փորձելով նոր պայմաններ, զիջումներ ու գետնի  նոր իրողութիւններ պարտադրել Երեւանին: Մի քանի տասնեակ հայ զինուորներ մնացին գերիվարուած ու որպէս խաղաքարտ օգտագործուեցան Պաքուի բռնապետին կողմէ` խախտելով միջազգային բոլոր օրէնքներն ու ստորագրուած ուխտերը: 

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու դժուարին ու խնդրայարոյց հարցը դարձեալ վերադարձաւ օրակարգ: Կողմերու միջեւ երկխօսութիւն սկսելու ազդանշանը տրուեցաւ տարուայ վերջին օրերուն, սակայն մեծ չեն յոյսերն ու ակնկալիքները սպասուող բանակցութիւններէն` մեկնելով մօտ ու հեռու անցեալի փորձեն  եւ Հայաստանի ու հայութեան նկատմամբ Թուրք պետութեան թշնամական  նկրտումներէն:

Հայաստանի  ներքաղաքական կեանքը եւս եղաւ փոթորկոտ` անցնելով բազմաթիւ փորձութիւններու ընդմէջէն: 2018 թուականի թաւշեայ յեղափոխութեամբ իշխանութենէն հեռացած ուժերը փորձեցին փողոցային հանրահաւաքներով, ցոյցերով ու ճանապարհներ փակելով վերադառնալ իրենց նախկին դիրքերուն, սակայն արժանանալով լայն հասարակութեան մերժումին, շատ չանցած   կորսնցուց իրենց թափը:

Խոհեմ քայլի  դիմեց կառավարութիւնը` երթալով արտահերթ ընտրութիւններու, որպէսզի  ժողովուրդը ինք որոշէ թէ, ով պէտք է ղեկավարէ երկիրը այս հանգրուանին: Այդ ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեանի արձանագրած յաղթանակը բաւական տպաւորիչ եղաւ ու ան վերադարձաւ  վարչապետի պաշտօնին` ստանալով «երկաթեայ մանտաթ »` կառավարելու երկիրը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն համար եւս տարին եղաւ բաւական ծանր ու մտահոգիչ:  Տեղի ունեցան դէպքեր, որոնք կարելի չէր նոյնիսկ երեւակայել` կարճ ժամանակ մը առաջ: Նախագահական ընտրութիւններուն պարտուած նախկին նախագահը մերժեց ընդունիլ քուէարկութեան արդիւնքները, պաշտօնի վրայ մնալու համար դիմելով տարբեր անօրինական միջոցներու, որոնց գագաթնակէտը հանդիսացան Յունուար 6-ի իրադարձութիւնները: Տանոլտ Թրամփի համախոհները  ներխուժեցին  Ամերիկեան ժողովրդավարութեան խորհրդանիշ` Գափիթոլի շէնքէն ներս, այն պահուն երբ Գոնկրէսի երկու Պալատներու անդամները հաւաքուած էին հաստատելու համար Ճօ Պայտընի ընտրութիւնը, որպէս  նախագահ: Այդ օրուան ու անոր յաջորդող  դէպքերը  եկան յիշեցնելու թէ Ամերիկայի հիմքերը փխրուն են ու ապագային եւս կրնան կրկնուիլ նոյն երեւոյթները: Նոր նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ բանակի ու զինուորականութեան աննախընթաց հսկողութեան տակ, մեծ վնաս հասցնելով երկրի վարկին ու հեղինակութեան:

Միջազգային գետնի վրայ, յարաբերութիւններու սրում արձանագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի  միջեւ, յիշեցնելով պաղ պատերազմի օրերը: Ուքրանիոյ շուրջ ծաւալուած իրադարձութիւնները իրար դէմ լարեցին  Մոսկուան ու Արեւմտեան երկիրներու մայրաքաղաքները: Մտավախութիւն յառաջացաւ, որ այս երկու ճակատներուն միջեւ ուղղակի կամ անուղղակի բախումները կրնան աշխարհը դարձեալ  բաժնել երկու մասի` ներգրաւելով նաեւ Չինաստանը, որ սկսած է հզօրանալ ոչ միայն տնտեսապէս, այլ զինուորական առումով եւս ու  իր ազդեցութիւնը կը տարածէ տարբեր ցամաքամասերու վրայ:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 135 ամեակը եւ նոր տարին յոբելինական տարի մըն է Հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կազմակերպութեան համար: Հիմնադրութեան առաջին օրէն դառնալով դրօշակակիրը Արեւմտահայութեան ազգային ազատագրական պայքարին  ու դաւանողը` ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան գաղափարներուն, ՍԴՀԿ իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին անշեղօրէն մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքներուն ու ոչ մէկ ատեն Հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը սակարկութեան առարկայ չդարձնելով ապաւինեցաւ բացառապէս իր շարքայիններու ու համակիրներու զոհաբերութեան վրայ: 

Հին տարին փակելով նոր տարին կը դիմաւորենք ակնկալիքներով ու մաղթանքներով, որ ան ըլլայ Հայաստանի ու Արցախի համար խաղաղութեան ու ապահովութեան տարի մը, միաժամանակ բարգաւաճի տնտեսութիւնը, ամրապնդուի բանակը  եւ սահմանները ըլլան պաշտպանուած: Նոյնպէս կը մաղթենք, որ սփիւռքահայութեան հայեացքը շարուակէ սեւեռած  մնան  դէպի Հայրենիքը`  կարողանալ պահպանելու համար իր գոյութիւնն  ու  ինքնութիւնը:

Շնորհաւոր Նոր Տարի: