image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստանի վարած բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութեան պտուղները

Խմբագրական «Մասիս»ի. Հայաստանի վարած բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութեան պտուղները

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս օրերուն կը գտնուէր Չինաստան, այդ հզօր երկրին հետ ստորագրելու ռազմավարական գործունէութեան համաձայնագիր եւ մասնակցելու  Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին: Չինաստանի նախագահ Ծինփին շեշտեց, որ Չինաստանը անվերապահօրէն կ’աջակցի Հայաստանի քաղաքական անկախութեան, ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան ու իր երկիրը կ’աջակցի ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին:

Երեւան կը ձգտի լիիրաւ անդամ դառնալ ՇՀԿ-ին, սակայն ըստ երեւոյթին այդ ճանապարհին կան որոշ խոչընդոտներ, որոնք կրնան յաղթահարուիլ մօտ ապագային: Կը կարծուի, որ Փաքիստան եւ Պելառուս արգելափակած են Հայաստանի անդամակցութիւնը: Առաջինը Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պատճառաւ, իսկ երկրորդը Պելառուսի նկատմամբ Երեւանի յայտարարած պոյքոթին հետեւանքով, երբ յայտնի դարձաւոր, որ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Մինսք Ատրպէյճանին ցուցաբերած է ռազմական աջակցութիւնն: Միւս կողմէ Հնդկաստան արգելափակած է Ատրպէյճանի մուտքը կազմակերպութենէն ներս, անոր եւ Փաքիստանի միջեւ սերտ կապերուն պատճառաւ: Այս հարցը հաւանաբար լուծուի յառաջիկային` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անդամակցութիւնը նոյն ատեն հաստատելով:

Հայաստանի համար ՇՀԿ-ին անդամակցութիւնը կարեւոր է «խաղաղութեան խաչմերուկի» ծրագիրը աւելի ընդգրկուն դարձնելու նպատակաւ, քանի որ այդ կազմակերպութեան անդամները կը ներկայացնեն աշխարհի բնակչութեան 40 տոկոսը եւ տնտեսական արտադրութեան 20-30 տոկոսը:

Երեւան կը շարունակէ պահել իր կապերը Ռուսաստանի հետ: Սոյն գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս Փաշինեան դարձեալ հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ու Ռուսական կողմը զայն որակեց «լաւ ու երկարատեւ»:

Այս այցելութեան  նախորդած էին Ուաշինկթընեան հանդիպումները եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը եւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ յուշագիրի ստորագրումը`«Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծի միատեղ զարգացման նպատակով: Այս յուշագիրի հրապարակումը եկաւ փարատելու այն բոլոր կասկածները, որ Հայկական կողմը համաձայնած է իր որոշ  տարածքները 99 տարիով վարձակալութեան տալ Ամերիկեան ընկերութիւններու: Ստորագրուած այդ յուշագիրին մէջ ո’չ միայն չկար նման բան` ալ կը շեշտուի «աներկբայ աջակցութիւնը Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ անոր միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն անխախտելիութեան, արտայայտելով փոխադարձ հետաքրքրուածութիւն Հայաստանի ՙԽաղաղութեան Խաչմերուկ՚ նախագիծին մէջ ներդրում կատարելու եւ Հայաստանի ենթակառուցուածքներու եւ սահմանային անվտանգութիւնը բարելաւելու» համար:

Չինաստանէն ու Միացեալ Նահանգներէն զատ Հայաստան կը շարունակէ իր սերտ յարաբերութիւնները զարգացնել Եւրոպայի հետ ու կը պատրաստուի յառաջիկայ գարնան Երեւանի մէջ հիւրընկալելու Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի գագաթաժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին Եւրոպայի գրեթէ բոլոր ղեկավարները:

Այս բոլորը կ’իրագործուին շնորհիւ այն բանին, երբ Հայաստան դուրս գալով Ռուսաստանի հովանոցին տակէն որոշեց վարել բազմաբեւեռ անկախ արտաքին քաղաքականութիւն:

Ուաշինկթընեան այցելութիւնը եկաւ ցոյց տալու, թէ Հայաստան կրնայ շարժիլ բացառապէս իր ազգային շահերէն մեկնած` առանց մտահոգուելու թէ Մոսկուան ու Թեհրանը ինչ կը մտածեն: Նոյն է Չինաստան այցելութեան պարագային` առանց կաշկանդուելու Եւրոպայի եւ կամ Ամերիկայի կարծիքով: Այս է իսկական անկախ արտաքին քաղաքականութիւնը, որուն հետեւելով Հայաստան կը քաղէ անոր պտուղները` բոլոր կողմերէն արժանանալով յարգանքի ու աջակցութեան:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»