image

Զելենսքին նոր հեռահար հրթիռի փորձարկման «աւետիս»ը տուաւ

Զելենսքին նոր հեռահար հրթիռի փորձարկման «աւետիս»ը տուաւ

Ուքրանիոյ մէջ արտադրուած «Ֆլամինկո» հրթիռի փորձարկումները յաջող անցած են, եւ այն մինչ այժմ ամենայաջողածն է, որովհետեւ կը թռի 3,000 քիլոմեթր, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի։

«Այս հրթիռի յաջող փորձարկումներ եղած են։ Մինչ այժմ այս հրթիռը մեր ունեցածներէն ամենայաջողն է․ կը թռի 3,000 քիլոմեթր, որ շատ կարեւոր է։ Կը կարծեմ, որ չենք կրնար շատ խօսիլ այս մասին, քանի դեռ չունինք հարիւրաւոր հրթիռներ օգտագործելու կարելիութիւնը», – ըսած է Զելենսքի չորեքշաբթի լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։

Անոր խօսքով՝ Ուքրանիան պիտի ունենայ աւելի շատ հրթիռներ մինչեւ այս տարուան Դեկտեմբեր, իսկ անոնց զանգուածային արտադրութիւնը պէտք է հաստատուի Դեկտեմբերի վերջաւորութեան կամ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն։