image

Խերսոնի դէմ եղած գրոհը պիտի չազդէ Ուքրանիոյ ուժականութեան վրայ. Զելենսքի

Խերսոնի դէմ եղած գրոհը պիտի չազդէ Ուքրանիոյ ուժականութեան վրայ. Զելենսքի

Ուքրանական ուժերը պատրաստ են հետագայ գործողութիւններու ճակատին, երեքշաբթի՝ 6 յունիսին։ Գլխաւոր հրամանատարի շտաբի նիստէն ետք յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, գրած է Interfax-ի ուքրանական ծառայութիւնը։ 

«Հետախուզական զեկոյց Կախովկայի ջրելեկտրակայանի իրավիճակի մասին: Հիմնական եզրակացութիւնն այն է, որ պայթումը եղած է միտումնաւոր, սակայն հակառակորդը գործած է քաոսային՝ թոյլ տալով սեփական կայանի հեղեղման: Միեւնոյն ժամանակ, ամբարտակի պայթեցումը չէ ազդած Ուքրանիոյ կարողութիւններու վրայ ապաբռնագրաւելու սեփական տարածքները»,- գրած է Զելենսքին իր թելեկրամեան ալիքին։

Ըստ անոր՝ ռազմական հրամանատարութեան ներկայացուցիչները զեկուցած են ճակատի վրայ տիրող իրավիճակի մասին։

«Մենք մանրամասն վերլուծած ենք ռազմաճակատին տիրող իրավիճակը եւ մեր ուժերու պատրաստակամութիւնը հետագայ գործողութիւններու համար։ Պատրաստութիւնը առաւելագոյն մակարդակի է»,- ընդգծած է երկրի նախագահը։