Թուրքիա- Թրքական Պոտրոմ քաղաքի ծովեզերքին մահացած գտնուած Սուրիացի գաղթական երեխային պատկերը ցնցած է աշխարհը: Ըստ MTV կայանին երեխան կը կոչուի Իյլան Ալ Քըրտի եւ ան Սուրիայէն խոյս տալու նպատակով հասած է թրքական ափեր ուր զիրենք փողադրող նաւը խորտակուելով պատճառ եղած է 12 անձերու մահուան, որոնց 5-ը երեխաներ են: Իր կարգին «Շարըք Ալ Աուսաթ» օրաթերթը կը գրէ, որ անցնող 24 ժամերուն Աթէնք հասած են 4000 Սուրիացի գաղթականներ, որոնք կարիքն ունին նախնական օգնութիւններու: Աթէնքի կառավարութիւնը շտապ օժանդակութիւններ խնդրած է եւրոպական ընտանիքէն: