image

«Խալիֆայի Որդիներ», Որո՞նք Են Անոնք

«Խալիֆայի Որդիներ», Որո՞նք Են Անոնք

 Սուրիա-  («Ալ Հայաթ»- Լոնտոն)  Առաջին անգամ ըլլալով   Սուրիոյ  պետական բանակի սպայ մը գլխատուած է  ISIS-ի  անդամ   անչափահասի   մը ձեռամբ:  Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է    Սուրիոյ  ընդդիմադիր  «Ալ Մարսատ» կայքին կողմէ, որ նաեւ հրապարակած է  լուսանկար մը:   Յայտնենք, որ   ISIS    անդամ երեխաները  ներգրաւուած  են յատուկ ջոկատի մը մէջ, որ կը կոչուի  «Խալիֆայութեան Որդիներ»: Այդ ջոկատին մաս կրնան  կազմել     10 -էն   30    տարեկան  զինեալներ: Անոնք  յատուկ     զինուորական  մարզումներ կը ստանան  Ռաքքայի եւ Տէր Զօրի մէջ գտնուող զօրակայաններու մէջ: