Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրումը կախուած է հայկական կողմի հետագայ քայլերէն։ Այս մասին թրքական TRT World հեռատեսիլային ալիքին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով։
Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութիւնը երկու կողմերու ջանքերու արդիւնք է, եւ փաստաթուղթի ստորագրումը պիտի ըլլայ խաղաղութեան գործընթացի վերջնական փուլը։
«Հիմա ամէն ինչ կախուած է հայկական կողմի գործողութիւններէն։ Երբեմն հայ պաշտօնեաները կը խօսին Սահմանադրութիւնը փոխելու իրենց մտադրութեան մասին։ Սակայն մանրամասնութիւնները, օրինակ՝ թէ ինչ փոփոխութիւններ կը քննարկուին, անյայտ են», - ըսած է ան։