ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ` ունի լիարժէք վճռականութիւն Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հարցին մէջ, բայց այդ պէտք չէ Հայաստանի համար անձնատւութեան նմանող փաստաթուղթ ըլլայ։ Այս մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց Գերմանիոյ արտաքին յարաբերութիւններու խորհուրդի մէջ քննարկման ժամանակ։
Այս մասին, ըստ Փաշինեանի, վերջերս ան յայտարարած է նաեւ ՀՀ խորհրդարանի եւ կառավարութեան մէջ։
«Դա պէտք է մեր տարածաշրջանի համար իրական եւ յարատեւ խաղաղութեան փաստաթուղթ լինի, եւ ես պատրաստ եմ կրել այդ պատասխանատւութիւնը` յանուն խաղաղութեան, կայունութեան, տարածաշրջանային եւ միջազգային համագործակցութեան։ Սա է այսօրուայ մեր քննարկման իմ վերջնական եզրափակումը»,- յայտարարած է վարչապետ Փաշինեան։
Անդրադառնալով նաեւ Հայաստանի տարածքին Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան դիտորդներու տեղակայման` վարչապետն ընդգծած է, որ անոնք այժմ տեղեկութեան սեփական աղբիւր ունին եւ կրնան յստակ հասկնալ, թէ հրադադարի խախտման նախաձեռնողը որ կողմն է։
«Ակնկալում եմ, որպէսզի այն յստակ ցոյց տայ, որ որեւէ պրովոկացիա`(սադրանք) կը ստանայ միջազգային հանրութեան շատ կոպիտ արձագանգ, եւ շատ կարեւոր է, որպէսզի պահպանուի կայունութիւնը։ Շեշտում եմ` կապ չունի Հայաստանի, թէ Ադրբեջանի կողմից, քանի որ հիմա մենք տարածաշրջանում ունենք դիտորդներ, եւ այժմ կարիք չի լինի, որպէսզի ԵՄ-ն հարցնի, թէ որ կողմն էր նախաձեռնողը»,– ըսած է Փաշինեան։
Փաշինեան անգամ մը եւս նշած է, որ Հայաստան միջազգային հանրութեան, տարածաշրջանի ազգերու աջակցութեան կարիքն ունի, եւ պատրաստ է կրել այդ պատասխանատւութիւնը, մինչեւ որ հասնին վերջնական եւ կայուն խաղաղութեան։