image

Խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր. Արցախի մէջ ոգեկոչած են մայիսեան եռատօնի հերոսներուն յիշատակը

Խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր. Արցախի մէջ ոգեկոչած են մայիսեան եռատօնի հերոսներուն յիշատակը

Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ 9 մայիսին տեղի ունեցած է հոգեհանգստեան կարգ՝ ի յիշատակ Հայրենական մեծ պատերազմին, Արցախեան առաջին, Ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն նահատակուած հերոսներուն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Արմէնփրէս»։

Հոգեհանգստեան կարգէն յետոյ Պաշտպանութեան բանակի հովանաւոր Ս. Գրիգորիսի խաչվառի առաջնորդութեամբ մեկնարկած է խաչերթ դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր:

Երիտասարդներն իրենց ձեռքը պահած են 44–օրեայ պատերազմին զոհուած հերոսներու լուսանկարները։

Յիշեցնենք, որ մայիս 9-ը հայութեան համար տարիներ շարունակ եռատօն եղած է` Հայրենական մեծ պատերազմի (1941–1945) խորհրդային ժողովուրդներու տարած յաղթանակի, Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման եւ 1992-ի Շուշիի ազատագրման օրը: Շուշին, սակայն, կորսնցուցինք 2020–ի նոյեմբերին արցախեան 44–օրեայ պատերազմին կրած ցաւալի պարտութեան հետեւանքով։

Ինչ կը վերաբերի Հայրենական մեծ պատերազմին` Հայկական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութենէն  մօտ 300 հազար մարդ մեկնած է ռազմաճակատ։ Այդ կը կազմէր բնակչութեան աւելի քան 20 տոկոսը։ Աւելի քան 200 հազար հայեր ալ այլ հանրապետութիւններէն զօրակոչուած են ռազմաճակատ։

Հայաստանը տուած է ՀԽՍՀ 150 հերոս, 80 զօրավար, 5 մարշալ եւ մէկ ծովակալ։

Պատերազմի ընթացքին զոհուած է աւելի քան 200 հազար հայ զինուոր։