image

«Կեղտոտ գործարք ըրին մեր դէմ». Ահմատինաժատի «հրձիգ» յայտարարութիւնները քննադատութեան թիրախ

«Կեղտոտ գործարք ըրին մեր դէմ». Ահմատինաժատի   «հրձիգ» յայտարարութիւնները քննադատութեան թիրախ

«Մանաւանդ, որ Ահմատինաժատի այս յայտարարութիւնը պաշտօնապէս ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած արարք կը համարուի, սակայն կարեւոր է յստակացնել, թէ ան ուրկէ ունի այդ ճշգրտութիւնը, այսպիսի կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւններու կապակցութեամբ»,- շարունակած է թերթը:  

 

«Ռուսաստան «կեղտոտ գործարք» կնքած է Արեւմուտքի եւ Միացեալ Նահանգներուն հետ Իրանի եւ Ուքրանիոյ վերաբերեալ»։ Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներուն՝ այս մասին յայտարարած է  Իրանի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատինաժատ իր երկրի մշակութային գործիչներու հետ զրոյցի ընթացքին:

«Ռուսաստան համաձայնութիւն կնքած է Միացեալ Նահանգներուն հետ Իրանի եւ Ուքրանիոյ վերաբերեալ, Ռուսաստանին թոյլ կը տրուի ներխուժել Ուքրանիա, իսկ միւս կողմին թոյլ կը տրուի գալ Իրան, բայց անոնք պիտի զղջան ասոր համար», ըսած է Ահմատինաժատ: Ան Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ գաղտնի համաձայնութիւնը որակած է «կեղտոտ գործարք»  ըսելով, որ «Իրանի դէմ պատերազմի վտանգ կայ, եթէ Ռուսաստան ներխուժէ Ուքրանիա»:

«Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ Ռուսաստանի դիրքորոշումը միշտ ալ Իրանի դէմ եղած է, եւ ան միշտ «ծախած է» իրանցի ժողովուրդը»,- շարունակած է նախկին նախագահը:

Ան  զգուշացուցած է Իրանի պաշտօնական անձերը աջակցելէ Ռուսաստանին այս առճակատման մէջ, երբ Իրանի ժողովուրդը չ'աջակցիր պատերազմին:

Ահմատինաժատ նաեւ զգուշացուցած է «Արեւելքի, Արեւմուտքի եւ Եւրոպական երկիրները որեւէ կեղտոտ գործարք կնքելէ Իրանի դէմ Ուքրանիոյ հարցով», «Մի՛ կարծէք, թէ Իրանի իշխանութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը տկարացած են, եւ դուք կրնաք ընել ինչ որ կ'ուզէք»: 

Իր հերթին, կառավարական «Իրան» թերթը ի պատասխան  Ահմատինաժատի այս վերջին յայտարարութիւններուն, յօդուածով մը հանդէս եկած է ուր գրած, «Ահմատինաժատ իբր թէ ճշգրիտ տեղեկութիւններու համաձայն կը պնդէ, որ Ռուսաստան ու Միացեալ Նահանգները փոխանակած են Իրանի եւ Ուքրանիոյ հարցերը»: Թերթը աւելցուցած է «Այսինքն, ըստ Ահմատինաժատի, Միացեալ Նահանգները պէտք է կանաչ լոյս տայ Ռուսաստանի Ուքրանիա ներխուժման, փոխարէնը Ռուսաստան պէտք չէ խոչընդոտէ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները Իրանի նկատմամբ։Մանաւանդ, որ Ահմատինաժատի այս յայտարարութիւնը պաշտօնապէս ազգային անվտանգութեան դէմ ուղղուած արարք կը համարուի, սակայն կարեւոր է յստակացնել, թէ ան ուրկէ ունի այդ ճշգրտութիւնը, այսպիսի կեղծ եւ շինծու տեղեկութիւններու կապակցութեամբ»,- շարունակած է թերթը:  

Թերթը նաեւ գրած է. «Պարզ է, որ այս պնդումները մէկ կողմէն կը ձգտին սպառել տնտեսական հնարաւորութիւնները երբ երկիրը պատժամիջոցներու տակ է եւ ճակատագրական պահու դիմաց կանգնած հաւասարակշռելու արտաքին քաղաքականութիւնը: Իսկ Միւս կողմէն, այսպիսի յայտարարութիւններ հանրային կարծիքին մէջ կը ստեղծէ պատերազմի վախը, յիշեցնելով յայտնի այն արտայայտութիւնը՝ (յաղթանակը, յաղթանակը) ձեռք կը բերուի ահաբեկման միջոցով»:

Ի վերջոյ թերթը հարցադրում մը բարձրացուցած է «Ահա եւս ուրիշ հարցում մը, ի՞նչ է Ահմատինաժատի նպատակը այսպիսի  ոչ ստոյգ տեղեկութիւններ հրապարակելու մէջ, եւ որո՞ւ կը նուիրէ այս յաղթանակը վախցնելով մեր ազգը»:

Նիւթը՝ Sawt Beirut-կայքէն։