image

Կեանքիս մէջ առաջին անգամ զգացի, որ թիկունքիս կանգնած է պետութիւնը. Սեւան Նշանեան

Կեանքիս մէջ առաջին անգամ զգացի, որ թիկունքիս կանգնած է պետութիւնը. Սեւան Նշանեան

Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը շնորհակալութիւն  յայտնած է Յունաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան եւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեանին՝ իրեն ազատ արձակելու հարցով անհաւանական ջանքեր գործադրելու համար:

«Դեսպանը օր ու գիշեր աշխատեցաւ, ան որեւէ վայրկեան զիս մենակ չթողեց: Իմ կեանքիս մէջ առաջին անգամ զգացի, որ թիկունքիս կանգնած է պետութիւնը՝ առանց որեւէ պայմաններու եւ առանց որեւէ տատանման: Բոլորովին այլ զգացում. այդ լաւ է, ես չէի գիտեր», գրած է Նշանեանը իր ֆէյսպուքեան էջով:

Ան նշած է, որ դատարանը վճռած է դադրեցնել իրեն կալանքի տակ պահելը: Նշանեանի խօսքով` հնարաւոր է, որ ինքը ստիպուած ըլլայ որոշ ժամանակով հեռանալ Յունաստանէն եւ գուցէ ապրի Հայաստանի մէջ: