Այս խնդրին ապագայ ընթացքը անմիջականօրէն կապուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն հետ։ Թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ ընտրութեան մթնոլորտը, որ շատ բան կրնայ վճռել՝ Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան տեսակէտէ։ Հետեւաբար, այս փուլին աւելորդ է մտածել, որ Սուրիա կրնայ նոր շունչ մը քաշել ու, բնականաբար, արաբական աշխարհին ելմտական օժանդակութիւնները բաւարար չեն ստեղծուած իրավիճակի պատին վրայ ճեղք մը բանալու։ Եթէ նոյնիսկ արաբական երկիրներ փորձեն օգնել Պեշար Էսատի ղեկավարութեան, ապա անոնք պիտի բախին ԱՄՆ-ի արգելքներուն եւ կարմիր լոյսին։ Մնաց որ, ԱՄՆ-ն ալ կը ջանայ աւելի ազդեցիկ դարձնել իր պատժամիջոցները։ Սպիտակ տան վարչախումբէն պաշտօնատարներ միշտ կը բարձրաձայնեն, որ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին՝ այնքան ժամանակ, որ յառաջընթաց պիտի չարձանագրուի Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ Ուաշինկթըն յամառօրէն կը մատնանշէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւը։ Պեշար Էսատ մինչեւ որոշ ժամանակ առաջ կը յայտարարէր, որ Սուրիա որոշ ձեւով կը շրջանցէ պատժամիջոցները, սակայն Կազզէի պատերազմով ստեղծուած պատկերը կ՚իմաստազրկէ այդ հռետորաբանութիւնը։
Սուրիոյ անցեալ շուրջ մէկ տարուան հիմնական իրադարձութիւններուն անդրադառնալով՝ անպայման պէտք է կանգ առնել այդ երկրին մէջ առկայ տնտեսական բարդ դրութեան վրայ, որ կերպով մըն ալ համակարգի համընդհանուր փլուզման մեծ վտանգներուն մասին զգուշացումներ կ՚ընէ։ Ճիշդ է, որ երկրի մեծ քաղաքներուն մէջ ռազմական գործողութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր դադրած են, բայց, ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, ընդհանուր իրավիճակը շատ աւելի բարդ է՝ նոյնիսկ պատերազմի ամենադժուարին կամ ամենաթէժ փուլերուն բաղդատմամբ։
Հալէպի պարագային կարելի է ըսել, որ այսօր ան բեռ մը դարձած է երկրի ընդհանուր պատկերին վրայ, հակառակ, որ պատերազմէն առաջ ան կը համարուէր Սուրիոյ տնտեսութեան շարժիչը, մայրաքաղաքէն վերջ հիմնական քաղաքը։ Հալէպ ցայսօր կը շարունակէ կքած մնալ պատերազմի արհաւիրքին տակ ու այդ պատճառով ալ չի կրնար վերականգնուիլ ու վերադառնալ անցեալի կարեւոր դերին։ Հումքի հարցը, մեծ գործարաններու փլուզուած ըլլալու պարագան, նաեւ քաղաքի ծայրամասերու անապահով պատկերը երբեք ալ յոյս չեն ներշնչեր, թէ կայուն զարգացման ճանապարհ մը կը բացուի։ Հալէպի վիճակին պէտք է առանձնապէս անդրադառնալ, որովհետեւ քաղաքը կտրուած կը մնայ իր շրջապատէն, ինչ որ ժխտական դեր կը խաղայ Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի հետ տնտեսական կապերը վերստեղծելու տեսակէտէ։
Կազզէի պատերազմով տարածաշրջանի մէջ գոյացած նոր հաւասարակշռութիւնները կու գան նոր իմաստ ու տարողութիւն վերագրել Սուրիոյ ներքին քաղաքական պայմաններուն։ Արդարեւ, երկրի օրակարգին վրայ է ընդդիմադիր խմբաւորումներու հարցը, որ կը համարուի մեխուած գամ մը ընդհանուր մարմնին մէջ։ Անշուշտ, Թուրքիոյ հետ առկայ տարակարծութիւններն ալ կը խանգարէ Սուրիոյ տնտեսութեան բարելաւումը։ Այս բոլորին զուգահեռ, անշուշտ, հաշուի պէտք է առնուին նաեւ արաբական աշխարհի հետ Սուրիոյ յարաբերութիւնները։
Ճիշդ է՝ այսօր Սուրիոյ մէջ ելեկտրականութեան ոլորտը անցեալի նման տագնապալի չէ կամ ջրամատակարարման գծով որոշակի դրական տեղաշարժեր եղած են, բայց եւ այնպէս, իրավիճակը շատ հեռու է բնականոն ըլլալէ։ Սէուտական Արաբիայէն օժանդակութեան ի դերեւ մնալն ալ այս հարցերուն մէջ որոշիչ եղաւ։ Ուստի, տեսանելի ապագային դժուար թէ զարգացումներ արձանագրուին Սուրիոյ մէջ եւ այս առումով առանցքային կը համարուի Դամասկոսի ղեկավարութեան դէմ Ուաշինկթընի խիստ կեցուածքը, որ դեռ կը շարունակուի եւ լուծման հորիզոն մը տակաւին չ՚երեւիր։
Այս խնդրին ապագայ ընթացքը անմիջականօրէն կապուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ աշնան նախատեսուած նախագահական ընտրութիւններուն հետ։ Թէ ի՞նչ հունով պիտի ընթանայ ընտրութեան մթնոլորտը, որ շատ բան կրնայ վճռել՝ Մերձաւոր Արեւելքի վերաբերեալ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան տեսակէտէ։ Հետեւաբար, այս փուլին աւելորդ է մտածել, որ Սուրիա կրնայ նոր շունչ մը քաշել ու, բնականաբար, արաբական աշխարհին ելմտական օժանդակութիւնները բաւարար չեն ստեղծուած իրավիճակի պատին վրայ ճեղք մը բանալու։ Եթէ նոյնիսկ արաբական երկիրներ փորձեն օգնել Պեշար Էսատի ղեկավարութեան, ապա անոնք պիտի բախին ԱՄՆ-ի արգելքներուն եւ կարմիր լոյսին։ Մնաց որ, ԱՄՆ-ն ալ կը ջանայ աւելի ազդեցիկ դարձնել իր պատժամիջոցները։ Սպիտակ տան վարչախումբէն պաշտօնատարներ միշտ կը բարձրաձայնեն, որ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին՝ այնքան ժամանակ, որ յառաջընթաց պիտի չարձանագրուի Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ Ուաշինկթըն յամառօրէն կը մատնանշէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի թիւ 2254 բանաձեւը։ Պեշար Էսատ մինչեւ որոշ ժամանակ առաջ կը յայտարարէր, որ Սուրիա որոշ ձեւով կը շրջանցէ պատժամիջոցները, սակայն Կազզէի պատերազմով ստեղծուած պատկերը կ՚իմաստազրկէ այդ հռետորաբանութիւնը։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս