Խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը վերջնականացնելու իրական հնարաւորութիւն կայ, յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը։
«Հայաստանը հաւատարիմ է Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ սահմանների սահմանազատման գործընթացին՝ հիմնուած 1991-ի Ալմա Աթայի հռչակագրի հիմքով տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ։ Կայ իրական հնարաւորութիւն, պատմական պահ՝ վերջնականացնելու խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը, որի ստորագրումը կարող է նոր դուռ բացել տարածաշրջանում երկարատեւ խաղաղութեան համար»,- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Ճէյմս Օ՛Պրայենի մասնակցութեամբ ՀՀ-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան նիստի ժամանակ յայտարարած է այաստանի արտաքին գործոց նախարարը։
Արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը այս ծիրէն ներս կարեւորած է նաեւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգման վրայ։
Ըստ Միրզոյեանի` այդ լաւագոյնս արտացոլուած է ՀՀ կառավարութեան առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մէջ։
Միրզոյեան ընդգծած է ՀՀ ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութեան կարեւորութիւնը։ Անոր կարծիքով՝ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու ընդլայնուած գործընկերութիւնը «ունի մեծ ներուժ նպաստելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման»։
«Այսօր մենք մեր օրակարգում քննարկում ենք կոնկրետ քայլերի եւ ծրագրերի լայն շրջանակ՝ սկսած տնտեսութեան ու էներգետիկ ոլորտի դիւերսիֆիկացիայից մինչեւ պաշտպանական ոլորտում համագործակցութիւն եւ արդարադատութեան ոլորտի բարեփոխումներ»,-ըսած է ան։
Արարատ Միրզոյեանը նաեւ յայտարարած է, որ հայկական կողմը կ՚ուզէ ՀՀ-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութիւնը փոխարինել ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովով, որ հնարաւորութիւն կու տայ աւելի մեծ խորութեամբ կառուցելու փոխգործակցութիւնը: