Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարը եռակողմ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Զաքիր Հասանովի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլաձէի հետ, յայտնած է Անատոլու գործակալութիւնը:
Աքարը, Հասանովը եւ Պուրչուլաձէն հանդիպած են Կարս նահանգի Սարիղամիշ քաղաքին մէջ: Հանդիպման մասնակցած են Թուրքիոյ զինուած ուժերու հրամանատարութեան ներկայացուցիչներ։
Հանդիպման ընթացքին միտքերու փոխանակութիւն տեղի ունեցած է ռազմական պատրաստութեան եւ համագործակցութեան հարցերու շուրջ։
Նախարարները 2 փետրուարին Սարիղամիշի մէջ պիտի հետեւին 2023 թուականի ձմեռային զօրավարժութիւններու ընթացքին։