image

Կարմիր Խաչը աւելի քան 2500 դիմում ստացած է Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներէ, որոնք կը փնտռեն իրենց հարազատները (Տեսանիւթ)

Կարմիր Խաչը աւելի քան 2500 դիմում ստացած է  Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներէ, որոնք կը փնտռեն իրենց հարազատները (Տեսանիւթ)

Կարմիր խաչի ատրպէյճանական գրասենեակը  X-ի իր էջին տեսանիւթ հրապարակած է, ուր կը ներկայացնէ  Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մնացած Գագիկի պատմութիւնը։

Ան այն փոքրաթիւ անձերէն է, որ որոշած է մնալ Ղարաբաղի մէջ, մինչդեռ անոր ընտանիքը բռնի տեղահանուած է Հայաստան։ Կարմիր խաչը օգնած է անոր իր ընտանիքի հետ տեսակապով խօսիլ։

«Ես ուզում եմ այստեղ մնալ, սա իմ տունն է, ոնց թողնեմ գնամ, դուք եկաք եւ ես ինձ աւելի լաւ եմ զգում։ Ես կարողացայ խօսել մօրս, նրա քրոջ, իմ քրոջ եւ իմ կնոջ եղբօր հետ»,-ըսած է ան։

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն նշած է, որ իր հիմնական նպատակներէն է նաեւ ընտանիքի անդամներու համար պայմաններ ստեղծել՝ շարունակելու իրենց յարաբերութիւնները իրար հետ։  

Կը տեղեկացուի, որ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած ընտանիքներէն տարածաշրջանի իրենց գրասենեակներ ստացած է աւելի քան 2500 անհատական ​​այցելութիւններ եւ հեռախօսազանգեր, որոնք կը փնտռեն իրենց հարազատները եւ կ՚ուզեն տեղեկատւութիւն ստանալ անոնց մասին։

Այս նպատակով Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն տեղակայած է լրացուցիչ անձնակազմ՝ աջակցելու ընտանիքներուն՝ իրար հետ կապը վերականգնելու համար։

 

Տեսանիւթը՝ Կարմիր խաչի ատրպէյճանական գրասենեակի։