image

Կառավարութիւնը տեսանիւթով ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը (Տեսանիւթ)

Կառավարութիւնը տեսանիւթով ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը (Տեսանիւթ)

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը տեսանիւթով ներկայացուցած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը։ Կառավարութիւնը մշակած է եւ կը ներկայացնէ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը`որպէս խաղաղութեան օրակարգի կարեւոր մէկ մաս:

Նախագիծի առանցքային իմաստը Հայաստանի, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան միջեւ հաղորդակցութիւններու զարգացումն է՝ ճանապարհներ, երկաթուղիներ, խողովակաշարեր, մալուխներ, ելեկտրահաղորդման գիծեր նորոգելու, կառուցելու, գործարկելու միջոցով:

Ինչպէս աւելի վաղ յայտարարած էր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցած «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային համաժողովին, Հայաստանի հարաւէն եւ հիւսիսէն անցնող երկաթուղիներն արդէն երեսուն տարի չեն գործեր տարածաշրջանային առումով, չեն գործեր նաեւ արեւելքն արեւմուտքին կապող բազմաթիւ ճանապարհներ, մինչդեռ այդ ճանապարհներու վերագործարկումը Կասպից ծովը Միջերկրականին կապող կարճ եւ արդիւնաւէտ ուղի կը դառնար՝ թէ՛ երկաթուղային, թէ՛ մեքընաներու:

«Նոյն կերպ եւ այդ երկաթուղային եւ ավտոմոբիլային կոմունիկացիաները կարող են Ծոցը Սեւ ծովի, այդ թուում` վրացական նաւահանգիստներին կապող արդիւնաւէտ ճանապարհ դառնալ: Այս ծրագիրը հսկայական օգուտներ կը բերի մեր տարածաշրջանի բոլոր երկրներին, եւ ես ցանկանում եմ Կառավարութիւնների, մասնաւոր ներդրողների ուշադրութիւնը հրաւիրել այս հնարաւորութեան վրայ»,- նշած էր ան։