image

«Կանչուած ենք իսկական ծառաներ ըլլալու». Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

«Կանչուած ենք իսկական ծառաներ ըլլալու». Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Աղօթքը մեր կապն է Աստուծոյ հետ: Եւ երբ տկարանանք՝ ան հաւատարիմ է միշտ մեզի շնորհք տալու: Յիսուս ըսաւ՝ «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մտթ. 7:7)։

Եկեղեցիէն ներս բոլոր սպասարկողները ծառաներ են: Սարկաւագ եւ քահանայ բառերը, իրենց արմատներուն մէջ ծառայի իմաստը կ'ընդգրկեն:

Հետեւաբար կրնանք ըսել՝ «Կանչուած ենք ծառայելու Աստուծոյ Արքայութեան եւ Աւետարանին»:

Ո՜վ երկնաւոր Հայր, քու առջեւդ կը ծնկադրենք, Որդիիդ եւ Ս. Հոգիիդ հետ միասին. եւ քեզի կու գանք ուխտելով, յաւէտ քեզի եւ ժողովուրդիդ ծառայելու: Դուն, որ մեզ մեղաւորներս կանչեցիր այս վեհ խորհուրդին համար:

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ խոկալու մեր այս կոչումին մասին՝ այսինքն մեր ժողովուրդին ծառայութեան մէջ ըլլալու համար: Աղօթքով միշտ պատրաստ ըլլալու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մօտ ըլլալու, իրենց բոլոր դժուարութիւններուն մէջ:

Աղօթքով եւ ծառայութեամբ կրնանք պահել մեր քահանայութեան իմաստը: Երբ աղօթենք մեր մտքերը վեր՝ դէպի Աստուած կը բարձրանայ, ինչպէս կ'աղօթենք պատարագի ընթացքին, եւ այդպիսով մեր մտածումները կը նմանին Աստուծոյ մտածումներուն:

Այս կոչումը պահելը մնայուն եւ մշտնջենաւոր ջանք կը պահանջէ, եւ մեզ յարաբերութեան մէջ Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին հետ: Հաւատացեալներուն մօտ մնալով կրնանք առաջնորդել զիրենք դէպի փրկութեան ճամբան, հրաւիրելով զանոնք Աստուծոյ միացած միանալու: Այսպիսով կրնանք իմաստաւորել մեր կոչումին իմաստը եւ կտակը:

Երբեմն սպասուած արդիւնքը չենք գտներ եւ չենք զգար յառաջդիմութիւն մեր հաւատացեալներուն կեանքերուն մէջ: Անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնին զանոնք իրենց վիճակներուն մէջ անդամալուծուած կը պահէ: Անոր համար Տէրը կ՚ըսէ՝ «Այս ժողովուրդը ինծի բերնովը կը մօտենայ եւ զիս շրթունքներովը կը պատուէ, բայց անոնց սիրտը ինձմէ հեռու է» (Ես. 29:13): Այս պատճառ կրնանք յուսախաբ ըլլալ եւ ընկրկիլ:

Սակայն մեր կապը Աստուծոյ հետ հաստատ պէտք է մնայ. որովհետեւ Ինքը մեզի ուժ կը շնորհէ դժուար օրերուն, եւ օգնութեան կը հասնի հաստատ մնալ համար մեր ծառայութեան մէջ:

Դարձեալ կը յիշեցնեմ՝ աղօթքը մեր կապն է Աստուծոյ հետ: Եւ երբ տկարանանք՝ ան հաւատարիմ է միշտ մեզի շնորհք տալու: Յիսուս ըսաւ՝ «Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի. փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք. դուռը զարկէք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մտթ. 7:7)։

Մեր ծառայութիւնը իրագործելու համար պէտք չէ վստահինք մեր ուժին: Այլ միշտ պէտք է յիշենք, որ առանց Իրէն ոչինչ կրնանք ընել:

Երբ, որպէս քահանաներ ծառայենք Աստուծոյ ժողովուրդին, Աստուած հրաշքներ կը գործէ մեր մէջ եւ մեր ձեռքով:

Փառք քեզ Տէր Աստուած մեր, որ մեզ հրեշտակային կոչումը տուիր, ըլլալու առաքեալները քու բարի լուրիդ, եւ վկաներ քու աստուածութեանդ:

Նիւթը՝  «Ռատիօ վատիկան»էն