image

Հռոմի Պապը կանանց իրաւունքներու կողքին

Հռոմի Պապը կանանց իրաւունքներու կողքին

Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը նոր տարուայ առաջին իսկ օրը կարդացած քարոզի ժամանակ կրկին անդրադարձած է կանանց իրաւունքի թեմային:

«Մայրերը կեանք կու տան, իսկ կանայք կը պահպանեն աշխարհը, եկէք բոլորս միասին աշխատինք այն ուղղութեամբ, որ հոգ տանինք մայրերու մասին եւ պաշտպանենք կիները: Ինչպէ՞ս կարելի է բռնութիւն գործադրել կանանց նկատմամբ, բաւական է: Կանանց ցաւ պատճառել կը նշանակէ վիրաւորել Աստծոյն», ըսած է Հռոմի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ղեկավարը:

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս պապը բազմիցս կոշտ քննադատութիւն տեղացուցած է կանանց նկատմամբ բռնութիւն գործադրողներու հասցէին: