image

«Կ՚ընեն առանց ամչնալու». Սէրկէյ Լաւրով

«Կ՚ընեն առանց ամչնալու». Սէրկէյ Լաւրով

Արեւմտեան համաանցային հարթակները «հովհարաձեւ» կ'արգելափակեն տեղեկատուութեան ռուսաստանեան աղբիւրները, սահմանափակելով, այդ շարքին` ընկերային ցանցերու մէջ պետական մարմիններու օգտահաշիւները:

Այդ մասին յայտնած է Ռուսաստանի ատաքին գործոց Սերկէյ Լաւրով: «Մենք կը տեսնենք, թէ ինչպէս համաշխարհային, արեւմտեան, առաջին հերթին, ամերիկեան հաացանցային հարթակները հովհարաձեւ կ'արգելափակեն ամբողջ աշխարհի մէջ ռուսաստանեան տեղեկատուական աղբիւրները:

Այդ կ'ընեն ցուցադրաբար, առանց ամչնալու: Օրերս Youtube-ով սահմանափակուած է ԱԳՆ-ի պաշտօնական ներկայացուցիչին ճեպազրոյցի հասանելիութիւնը, այնուհետեւ նմանօրինակ միջոց կիրառուած է նաեւ Պետական Տումայի օգտահաշիւի նկատմամբ», ըսած է Լաւրով: Ան ընդգծած է, որ նախարարութեան հրապարակման  չհիմնաւորուած սահմանափակումներ կ'իրականացնէ նաեւ Թուիթըրը: