image

Իտալիա-Ֆրանսա լարում. Իտալիոյ դեսպանը կանչուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Իտալիա-Ֆրանսա լարում. Իտալիոյ դեսպանը կանչուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւն

Իտալիոյ դեսպանը կանչուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւն՝ փոխվարչապետ Մաթէօ Սալվինիի կողմէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի մասին կատարուած յայտարարութիւններէն յետոյ, որոնք Փարիզի կողմէ որակուած են «անընդունելի»:

Վերջերս Միլան կատարած այցի ժամանակ Սալվինիին հարց ուղղած էին «Կամեցողներու դաշինք»ի կողմէ Ուքրանիոյ մէջ իտալական զօրքեր տեղակայելու հնարաւորութեան մասին: Իտալիոյ փոխվարչապետը պատասխանած էր, թէ Ֆրանսայի նախագահը «թող ինքը երթայ այնտեղ, սաղաւարտ հագնի ու զէնք վերցնէ»։

Ըստ AFP գործակալութեան՝ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Իտալիոյ դեսպանին ըսած են, որ Սալվինիի խօսքերը «կը հակասեն երկու երկրի միջեւ վստահութեան մթնոլորտին եւ պատմական յարաբերութիւններուն»։

«Կամեցողներու դաշինք»ը կը գլխաւորեն Ֆրանսան եւ Մեծն Բրիտանիան: Իտալիան նոյնպէս դաշինքի անդամ է, սակայն երկրի վարչապետ Ճորճիա Մելոնին նախապէս յայտարարած էր, որ Հռոմ մտադիր չէ զօրքեր ուղարկել Ուքրանիա։