image

Իսթանպուլի պայթումին հետ կապուած ձերբակալութիւն՝ Պուլկարիոյ մէջ

Իսթանպուլի պայթումին հետ կապուած ձերբակալութիւն՝ Պուլկարիոյ մէջ

Պուլկարիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Իսթանպուլի Իսթիքլալ փողոցին մէջ տեղի ունեցած պայթումի կազմակերպման մէջ կասկածուող 5 անձ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին 19 նոյեմբերին յայտնած է Պուլկարիոյ Ազգային հեռուստընկերութիւնը ՝ վկայակոչելով իրաւապահ մարմիններու աղբիւրները։

Նշուած է, որ ձերբակալուածներու շարքին կան Մոլտովայի քաղաքացիներ եւ արաբական ծագում ունեցող անձինք։

Իսթանպուլի կեդրոնին մէջ 13 նոյեմբերին տեղի ունեցած էր հզօր պայթում, որու հետեւանքով 6 մարդ զոհուած է, 81-ը ՝ վիրաւորուած: Պայթումի հիմնական վարկած կը դիտարկուի ահաբեկչութիւնը։